
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9ի առաւօտուն, Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի։ Ներկայ եղաւ նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներէն Վահան Պզտիկեան։
Գլխաւոր հիւպատոսը առաջնորդարան եկած էր սրբազանը հրաւիրելու հիւպատոսարանին կողմէ Դեկտեմբեր 4ին կազմակերպուելիք հանդիպումին, որուն պիտի հրաւիրուին նախկին լիբանանահայեր, որոնք մեր գաղութին մէջ կը վարեն պատասխանատու պաշտօններ, եւ իբրեւ ներկայացուցչական դէմքեր՝ հանրային ծառայութիւն կը մատուցեն հայ համայնքին։
Հանդիպումը առիթ եղաւ խոր-հրդակցելու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ, որոնք կը շահագրգռեն նաեւ հայ համայնքը։ Հիւր դիւանագէտը ընդհանուր ծանօթութիւններ տուաւ Լիբանանի այժմու իրադարձութեանց մասին, որոնք յաճախ կը կրեն շրջանային զարգացումներու ազդեցութիւնները։ Հիւրընկալ առաջնորդ սրբազանն ու Վ. Պզտիկեանը, իրենց կարգին, խօսեցան Ազգ. առաջնորդարանի ծառայական աշխատանքներուն մասին։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան առաջնորդարանի եւ Լիբանանի հիւպատոսարանին միջեւ սերտ գործակցութիւնը, որուն նպաստ կը բերեն նախկին լիբանանահայեր։
Հանդիպումը աւարտեցաւ հաղորդակցութիւնները սերտ ու յաճախակի պահելու համաձայնութեամբ։