
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանը օժտուեցաւ նորոգուած եւ արդիակaանացած տարրալուծարանով մը, շնորհիւ դպրոցիս ծնողներէն տոքթ. եւ տիկին Ստեփան եւ Մարօ Եագուպեաններու։
Անցեալ տարեշրջանին, Եագուպեան ամոլը որոշում առած էր իր երկու զաւակները արձանագրելու մեր դպրոցէն ներս։ Առաջին հանդիպումէն իսկ ակնյայտ էր այս ընտանիքին տածած սէրն ու յարգանքը՝ ուսման եւ մանաւանդ գիտութեան ճիւղին հանդէպ։
Եագուպեան ընտանիքը ճանչցուած է իբրեւ բարերար եւ բարեսիրական աշխատանքներ կատարող ընտանիք, որուն շարաւիղի ներկայացուցիչ բժիշկ Վահէ Եագուպեան անցեալ Ապրիլին արժանացաւ Էլիս Կղզիի անուան պատուոյ շքանշանին, իր կատարած բարեսիրական եւ մարդասիրական աշխատանքներուն համար։
Օգնութեան փութալու պահանջքը բնածին է եւ որոշ առումով այդ յատկութիւնը կ՛ուռճանայ ու կը զարգանայ, երբ ապրած միջավայրէդ ներս կարիքը կը նկատես բարելաւումներ ներմուծելու եւ առիթը կ՛ունենաս կացութիւն մը փրկելու: Աշխատանքդ, անշուշտ, աւելիով կը գնահատուի, երբ դուն կ՛ըլլաս նախաձեռնողը եւ գաղափարը յղացողը։ Այսպէս, Եագուպեան ընտանիքը անդրադարձած էր, որ վարժարանիս տարրալուծարանը կարիքն ունէր նորոգուելու եւ արդիականալու։ Առ այդ, առաջարկած, նախաձեռնած եւ նորոգումները կատարած էր. ուստի, այս տարեշրջանի վերամուտին՝ «Դպրոց վերադառնալու երեկոյեան», Սեպտեմբեր 20ին, վարժարանիս մեծ ընտանիքին ներկայութեամբ բացումը կատարուեցաւ տարրալուծարանին։
Բաւարար էր տեսնել աշակերտներու դէմքերուն վրայ դրոշմուած հիացմունքը, երբ անոնք մտան այս լուսաւոր ու արդիական գործիքներով օժտուած այս դասարան-տարրալուծարանը։
Վստահ ենք, որ մեր բոլոր աշակերտները ուսումնասիրութեան եւ փորձարկումեր կատարելու հրաշալի ժամեր պիտի անցընեն եւ նոր ու հետաքրքրական գիտելիքներ պիտի ամբարեն այս տարրալուծարանէն ներս։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)