ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ներկայ ժամանակներուն՝
Երբ գիրքի հրատարակութիւնը յաճախ անտեղի կերպով արշաւներու թիրախ է, այն «տրամաբանութեամբ», որ «գիրքի դարաշրջանը անցեալին կը պատկանի…»,
Երբ բանաստեղծներ, վիպագիրներ ու թատերագիրներ հազար կը մտածեն ու մէկ կը հրատարակեն հազար վախով,
Երբ ընթերցողներու մեծ համեմատութիւն մը գերի բռնուած է հապճեպ գիրի՝ «դիմատետր»ի ու նման «արագ հաղորդակցութեան» որոգայթներուն մէջ, ուր միսի փոխարէն մորթի սկրթուք իսկ կարելի չէ գտնել, ալ ո՛ւր մնաց ոսկոր, մկան ու ջիղ,
Երբ… երբ… երբ…
Կան յանդուգն մարդիկ, որոնք կ՛արհամարհեն նորելուկ եւ մեծ մասամբ շինծու մարտահրաւէրները եւ կը հաւատան, որ գիրքը ապրող է ու ապրեցնող, կենսաւորող է։
Նման յանդուգն մարդոց շարքին, կայ նաեւ բժիշկ մը, որ կրկնակի յանդգնութեան դիմած է ու հայ ընթերցողին սեղանին կը ներկայացնէ մասնագիտական-ժողովրդային գիրք մը, հայերէնո՛վ, հիւանդութեանց ու անոնց դարմանումի միջոցներուն մասին։ Բժիշկը կը կոչուի Ալֆրէտ Դանիէլեան, իսկ անոր նորագոյն աշխատութիւնը՝ «Ժամանակակից Հիւանդութիւնների Ճանաչում»։
Թեհրանէն մինչեւ Լոս Անճելըս՝ անծանօթ անուն մը չէ բժիշկ Ա. Դանիէլեան, իսկ այս հատորը անոր 5րդ աշխատութիւնն է 1982էն ի վեր։ Եթէ առաջին հատորը «Հայաստան» խորագրեալ թարգմանական գործ մըն էր ֆրանսացի հեղինակէ մը, յաջորդ չորս հատորները կ՛իյնան անոր մանսագիտութեան՝ բժշկութեան կալուածին մէջ. նախընթաց երեքը բժշկագիտական բառարանի բնոյթ ունէին, իսկ նորագոյնը՝ հիւանդութիւններու մասին ընդհանուր գիտելիքներ եւ դարմանումի միջոցներու թելադրանքներ կը բովանդակէ։
Աւելի քան 25 տեսակի տարաբնոյթ հիւանդութիւններու մասին է այս հատորը. «ժամանակակից» բառը պարագայական է, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի մեր առօրեային մէջ յաճախակի ախտերու եւ առողջական դժուարութիւններու։ Իւրաքանչիւր գլուխը կազմուած է յստակ տրամաբանութեամբ մը. նախ կը տրուի հիւանդութեան անունը, կը նշուին պատճառները, ախտաճանաչումի ձեւերը, նշանները, նախազգուշացման ու դարմանումի ձեւերը եւ այլն (իսկ եթէ կարգ մը հիւանդութիւններ անբուժելի են, այդ ալ բժիշկին մեղքը չէ…)։
Ընթերցողը հաւանաբար կրնայ մտածել, որ ինչո՞ւ մարդ կը մղուի ձեռնարկելու նման հրատարակութեան մը, երբ աշխարհը ողողուած է նոյն տիպի օտարալեզու հատորներով ու համացանցային աղբիւրներով։ Պատասխանը ակնբախ կերպով կը ստանայ ՀԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂը, եթէ ան ուզէ նման հատորի մը ընձեռած հաճոյքը վայելել։
«Հայկական դպրոց չեմ տեսած», կ՛ըսէ հեղինակը, որ սակայն օրինակելի կարգապահութեամբ՝ «տիսիփլին»ով, ոչ միայն տիրացած է մայրենիին, այլ այս ու նախընթաց հատորներով հանրութեան կը յիշեցնէ, թէ ինչպիսի՛ թանկարժէք եւ հարուստ լեզու մը ունինք մենք, Մեծ ուսուցիչէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն իսկ առաջ իր կազմաւորումը ստացած ու դարերու ընթացքին զարգացած, կոփուած, բիւրեղացած։ Հատորը զերծ չէ օտարաբանութիւններէ, որովհետեւ հեղինակին հիմնական նպատակը՝ ընթերցողին օգտակար ըլլալն է, սակայն երբ կը թղթատենք էջերը, մեր աչքերուն դիմաց կը տողանցեն հիւանդութեանց եւ անոնց առնչակից հայերէն եզրերը, իրենց արեւելահայ ու արեւմտահայ տարբերակներով։ Տակաւին, իւրաքանչիւր հիւանդութեան անուններուն բազմաթիւ լեզուներով՝ հայերէնի կողքին՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, պարսկերէն, արաբերէն եւ այլ անունները արձանագրուած են իւրաքանչիւր գլուխի սկզբնաւորութեան։ Կարգ մը էջերու մէջ կան մանրապատումի նմանող լուսաբանական բացատրութիւններ, անցեալ դարերէ բերուած տեղեկութիւններ, որոնք ընթերցումը կը դարձնեն աւելի հաղորդական ու հաճելի։ Ընթերցողը մինչեւ իսկ պահ մը կը մոռնայ, թէ հիւանդութիւնները անհաճոյ բաներ են։ Այս իմաստով ալ, բժիշկը թեթեւցնողի դեր մը կը կատարէ իր հատորով (դեր մը, որուն հաւանաբար չէ անդրադարձած իսկ հատորը պատրաստելու պահուն)։
Օգտակա՞ր հատոր մըն է. անկասկած որ օգտակար՝ բազմաթիւ մօտեցումներով, որոնց մեծ մասը կ՛անցնի բժշկագիտականէն ու դարմանումի առաջարկներէն անդին, ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ։
Իսկ եթէ ընթերցողը ծանօթ չէ բժիշկ Դանիէլեանի անձին, եւ օր մը առիթը ունենայ զրոյցի նստելու անոր հետ, իր դիմաց պիտի տեսնէ ծերունազարդ՝ 90ը շատոնց ետին ձգած, բայց կենսունակ ու արթնամիտ մասնագէտ մը, որ պատրաստ է զրուցելու, հիւանդութեանց ու մարդակազմութեան բարդ հարցերու կողքին, նաեւ երաժշտութեան, գրականութեան ու բանաստեղծութեան մասին։
«Երիտասարդութեանս օրերուն, տարուած էի նաեւ բանաստեղծութեամբ, քանի մը տեսակ նուագարանի վրայ կը նուագէի ու մաս կազմած եմ նուագախումբերու», կը յիշէ երանութեամբ փայլող աչքերով, որոնք հնչեղ ձայնին ու բարձրահունչ խնդուքին հետ կը վկայեն, թէ երիտասարդութիւն չափելու «գործիքը» միայն տարիները չեն, այլ նաեւ կենսունակ հոգին, հոգեկան խանդավառութիւնն ու կենսասիրութիւնը՝ իր ազնուագոյն իմաստով։