
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քանի մը հարիւր հրաւիրեալներու, քաղաքական գործիչներու, արդարադատութեան մարզի պաշտօնատարներու եւ իրաւաբաններու ներկայութեամբ, Հայ իրաւաբանական

միութիւնը Հոկտեմբեր 10ին մեծարեց Լոս Անճելըսի գերագոյն ատեանի դատաւոր Փիթըր Էսփինոզան, «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքի մը ընթացքին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան անդամ Ճերարտ Գասապեան, իսկ հանդիսավարն էր միութեան ատենապետ Կարօ Պ. Ղազարեանը, որ բեմ հրաւիրուեցաւ Լոս Անճելըսի գերագոյն ատեանի դատաւոր ու Հայ իրաւաբանական միութեան նախկին ատենապետ Զաւէն Սինանեանի կողմէ: Սինանեան դրուատեց համայնքին մատուցած Ղազարեանի սպասարկութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ղազարեանի խորհրդատու եղած Էսփինոզային, որ ընդունած էր հաւաքին ներկայ գտնուելու միութեան հրաւէրը:
Իր կարգին, Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Էսփինոզային եւ Լոս Անճելըսի գերագոյն ատեանի միւս դատաւորներուն մատուցած հանրային սպասարկութեանց համար, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է պահպանել արդարադատութեան անկախ համակարգ մը: Ան նաեւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ հաւաքին ներկայ են հայութեան տարբեր հոսանքները ներկայացնող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին, ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանին, ՀԲԸՄի փոխնախագահ Սինան Սինանեանին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանին՝ իրենց ներկայութեան համար:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լոս Անճելըսի գերագոյն ատեանի գլխաւոր դատաւոր Տէյվիտ Ուեսլի, որ ներկայացուց ընդհանրապէս Քալիֆորնիոյ արդարադատութեան համակարգին դիմագրաւած հսկայ դժուարութիւնները, յատկապէս՝ նահանգային, գաւառային ու քաղաքային ամավարկերու կրճատումներուն լոյսին տակ, սակայն միաժամանակ շեշտեց, թէ նահանգը կը շարունակէ իբրեւ տիպար օրինակ ծառայել Միացեալ Նահանգներու միւս նահանգներուն համար:
Ձեռնարկի այլ կարեւոր հիւրերէն մէկն էր Լոս Անճելըսի գերագոյն ատեանի դատաւոր Ֆրետ Ռաթընպըրկ, որ անցեալ տարի մեծարուած էր Հայ իրաւաբանական միութեան կողմէ, որուն համար դատաւորը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ու ըսաւ, թէ իբրեւ Հրէական ողջակիզումէն վերապրած կնոջ մը զաւակը՝ շատ լաւ կը հասկնայ հայութեան վիճակը:
Ընթրիքի անակնկալ մէկ պահուն, Փասատինայի նախկին քաղաքապետ Պիլ Փափարեան պատուոյ շքանշան մը շնորհեց Ղազարեանին՝ դրուատելով անոր տարած աշխատանքը Փասատինայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կառուցելու ծրագիրին մէջ:
Հաւաքին ներկայ քաղաքական անձնաւորութեանց մէջ կային Կլենտէյլի քաղաքապետ Տէյվ Ուիվըր, Կլենտէյլի գանձապահ Ռաֆֆի Մանուկեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, Մոնթեպելլոյի

քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեան, Կլենտէյլի ոստիկանապետութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ փոխոստիկանապետ Քարլ Փովալիթիսի եւ Լոնկ Պիչի ոստիկանապետ ու Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետներու միութեան նախագահ Ճիմ ՄըքՏանըլ:

Ապա, Ղազարեան բեմ հրաւիրեց օրուան մեծարեալը՝ դատաւոր Փիթըր Էսփինոզան, բացատրելով, թէ ձեռնարկը մէկ շաբաթով յետաձգուած էր, որովհետեւ Էսփինոզան Հայաստան կը գտնուէր ձեռնարկին նախապէս նշանակուած օրը՝ միաժամանակ դրուատելով սպանախօս ամերիկացիներու եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութեանց ի նպաստ անոր տարած աշխատանքը:
Բեմ բարձրանալով՝ Էսփինոզա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ իրաւաբանական միութեան եւ յիշեցուց, թէ ինք հասակ նետած է Արեւելեան Լոս Անճելըսի մէջ, որ Հոլիվուտէն, Կլենտէյլէն ու Հովիտէն առաջ՝ հայութեան գլխաւոր կեդրոնն էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով, ան մեծ թիւով հայերու ծանօթացած է իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան օրերուն: Ան աւելցուց, թէ իր դուստրը՝ Էլիզապէթը, ամերիկեան «Խաղաղութեան ջոկատներ»ուն միջոցաւ վերջին 17 ամիսներուն բարեսիրական աշխատանք կատարած է Հայաստանի մէջ եւ այդ պատճառով է, որ ինք եւս Հայաստան այցելած է՝ կոչ ընելով ներկաներուն, որ իրենք եւս Հայաստան այցելեն, վայելելու համար անոր հարուստ պատմութիւնը: Էսփինոզա ըսաւ, թէ Հայաստան գտնուած միջոցին հանդիպում մը ունեցած է Հա3 իրաւաբանական միութեան հիմնադիր Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ, իսկ վերջերս կարդացած է նաեւ Ռաֆֆիի զաւակին՝ Կարինին, հեղինակած գիրքը: Ան Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին կողմէ Հայաստանի մէջ տարուած աշխատանքը նմանցուց Միացեալ Նահանգներու մէջ Մարթին Լութըր Քինկի ու Սեզար Չաւեզի տարած իրաւապաշտպանութեան աշխատանքին: Աւարտին, ան ներկաներէն խնդրեց խմել իր դստեր՝ Էլիզապէթի, ու Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի կենացը, յիշեցնելով, որ բաժակաճառի սովորութեան ծանօթացած էր Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին:
Էսփինոզայի ելոյթի աւարտին, Հայ իրաւաբանական միութեան նախկին ատենապետ Էտվին Մինասեան, ներկայ ատենապետ Կարօ Պ. Ղազարեան եւ փոխատենապետ Արմէն Յովհանէսեան մեծարեալին նուիրեցին Սիրուն Երէցեանի արուեստի գործերէն մէկը, որով երախտագիտութիւն կը յայտնուէր դատաւոր Էսփինոզայի: