ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Հոկտեմբեր ամիսը հայ կրօնա-ազգային կեանքէն ներս իւրայատուկ է, որպէս հայ մշակոյթի ու պատկանելիութեան պահպանումը խորհրդանշող ամիս։ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, որ կը յիշատակուի Հոկտեմբերին, այս տարի եւս համայն հայութեան համար եղաւ յուշարար մը, թէ հինգերորդ դարը մեր պատմութեան ու մշակոյթին մէջ եղած է Ոսկեդար։ Թարգմանիչ հայրերը, գլխաւորութեամբ Սահակ Պարթեւ հայրապետին ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին, մեր կրօնական ու ազգային կեանքը ամրագրեցին հայօրէն՝ ստեղծելով ժառանգութիւն մը, որ արժանացած է համայն աշխարհի հիացմունքին։ Հայ Գիրերու գիւտով ու հայերէնով կերտուած մշակոյթով՝ անոնք հայ ժողովուրդը վերջնականապէս փրկեցին օտար ազդեցութիւններու եւ ձուլումի վտանգէն։
Տարիներու գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութեան համաձայն՝ այս տարի եւս, Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ համայնքին համար Թարգմանչաց տօնը յիշատակուեցաւ արժանավայել կերպով։ Կիրակի, Հոկտեմբեր 13ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մատուցեց Ս. պատարագը եւ փոխանցեց Թարգմանչաց տօնի պատգամը։ Ան իր քարոզին մէջ ներկայացուց թարգմանիչ հայրերու տարած աշխատանքին արժէքը ու հաւատացեալները հրաւիրեց տէր կանգնելու այդ արժէքներուն՝ միշտ մտերիմ մնալով հայ գիրքին եւ մշակոյթին ու անկէ եկող աւանդութեանց հետ։ Ան շեշտը դրաւ Թարգմանիչ հայրերու զոհողութեան ու նուիրումին վրայ, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքով գերագոյն օրինակը դարձան զոհողութեան՝ նուիրելով իրենց համակ կեանքը, ի խնդիր հայ ազգի գոյութեան։ Ան վեր առաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տիպարը, թէ ինչպէ՛ս ան Մովսէս մարգարէի նման կարեւոր դեր ունեցաւ եւ իր ներկայութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բացակայութիւնը զգալի չդարձուց հայ ժողովուրդին։
Սրբազանը յիշեցուց, թէ ինչպէս այրի կինը իր ամբողջ ունեցուածքը տաճարի գանձանակին մէջ դրաւ, այնպէս ալ մեր թարգմանիչ հայրերը իրենց ամբողջ ունեցած կարողութիւնները դրին հայ ազգի ժառանգութեան գանձանակին մէջ՝ մեր կեանքը հարստացնելով հայ գիրով ու գրականութեամբ։
Պատարագին ներկայ էին Օրենճ Քաունթիի հայկական ամէնօրեայ ազգային դարբնոց՝ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի աշակերտները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողները եւ հոծ բազմութիւն։
Պատարագէն ետք, հաւատացեալները թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահը ուր սրբազան հօր նախագահութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ գիրքերու աւանդական ցուցահանդէս-վաճառքին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Գոհար Զահըր, բարի գալուստ մաղթելով բոլորին։ Ան վեր առաւ հայ մշակոյթի արժէքը հայ սերունդներու սիրտերուն ու միտքերուն մէջ՝ վերստին հաստատելով Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի հաւատարմութիւնը հայ գիրքին ու գրականութեան հանդէպ։ Ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որպէսզի ցուցահանդէսի բացումը կատարէ։ Սրբազանը անգամ մը եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, այս իւրայատուկ օրուան համար։ Ան յիշեցուց, որ հայ կրօնական ու ազգային արժէքները պէտք է գիտակցաբար պահենք ու փոխանցենք յաջորդող սերունդներուն։
Վարժարանի աշակերտները պատրաստած էին օրուան խորհուրդը մարմնաւորող գեղարուեստական յայտագիր մը։ Անոնք երգերու եւ արտասանութիւններու փունջերով ներկաները լիցքաւորեցին մեր անգին մշակութային հարստութեամբ։ Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան անուանի երաժշտագէտներ՝ Կրեկ Հոշարեան եւ Գէորգ Ռոստոմեան, որոնք հայկական նուագարաններով հանդէս եկան եւ գործնական թելադրանք մը արձանագրեցին ներկաներուն մէջ հայ մշակոյթը հաստատուն պահելու։
Հաւատացեալները այնուհետեւ մասնակցեցան գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքի։ Գաղութի հայորդիները առիթ ունեցան մտերմանալու հայ գիրքին հետ եւ իրենց տուները տանելով՝ հարստացուցին իրենց ընտանեկան օճախները հայ գիրքով ու մշակոյթի արժէքներով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.