ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ, հայ-վրացական համագործակցութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւոր ուղղութիւններէն է, եւ երկու երկիրներու համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ առկայ է համագործակցութեան բարձր մակարդակ: 23 Հոկտեմբերին Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Թամարա Սանիկիձէի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին նշած է Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեանը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ խորացման, Վրաստանի մէջ գործող հայկական դպրոցներու, հայոց լեզուի դասաւանդման, հայալեզու դպրոցներու համար մարդուժի պատրաստութեան առնչուող հարցեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.