ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ազատութիւն» կայանի ռուսական ծառայութիւնը, վկայակոչելով Իրանի խորհրդարանի կայքի յայտարարութիւնը՝ կը հաղորդէ, որ Իրան դադրեցուցած է իւրանիոմի քսան առ հարիւրով հարստացումը, որովհետեւ «Իրան արդէն բաւական պաշար ունի» Թեհրանի հիւլէական հնոցը վառելանիւթով ապահովելու համար:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ այս տեղեկութիւնը պիտի մեղմացնէ այն մտավախութիւնը, թէ Իրան մտադիր է իւրանիոմ օգտագործել ոչ խաղաղ նպատակներով, որոնց պատճառով ալ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատուած են:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի ռազմավարական հարցերով նախարար Եովալ Շթայնից նշեց, որ իրանեան հիւլէական հարցը կարելի է դիւրութեամբ լուծել, եթէ Թեհրան իր հողերուն վրայ իւրանիոմի հարստացման աշխատանքները դադրեցնէ եւ ուժանիւթի արտադրութեան համար այդ նիւթը այլ երկիրներէ գնէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.