
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Էյ.Փի.».- Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ իր ու միլիոնաւոր եւրոպացիներու հեռաձայնները լրտեսելու տեղեկութեանց լոյսին տակ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25ին յայտարարեց, թէ նման արարքներ կը խախտեն դաշնակիցներուն միջեւ վստահութիւնը՝ աւելցնելով, թէ այժմ նոր քայլերու պէտք է նախաձեռնել՝ վստահութիւնը հիմէն կառուցելու համար:
Մէկ օր առաջ, Պերլինի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր՝ այս հարցով բացատրութիւն տալու համար, որմէ ետք նախագահ Պարաք Օպամա Մերքելի հետ խօսած էր՝ վստահեցնելով զայն, թէ ներկայիս Մերքելի հեռաձայնէն գաղտնալսում չի կատարուիր եւ ապագային ալ պիտի չկատարուի, անուղղակիօրէն ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ լրտեսութիւնը կատարուած է նախկին նախագահին օրերուն: