
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Փանորամա».– Ֆրանսայի իշխանութիւնները չեն մոռցած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին մասին: 29 Հոկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօն:
Ան յիշեցուցած է, որ օրինագիծ, որով կը նախատեսուի քրէական պատիժ սահմանել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար, Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուած է 2012ի սկիզբը: Սակայն Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը զայն Սահմանադրութեան չհամապատասխանող նկատած է: Բայց եւ այնպէս Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է, որ հարցը կը շարունակէ իրենց ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսանալ՝ աւելցնելով, թէ պիտի ներկայացուի նոր օրինագիծ, որ համապատասխան ըլլայ Սահմանադրութեան բոլոր պահանջներուն: Դեսպանը հաստատած է, որ ներկայիս այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն չէ ճշդած ներկայացման թուականը։
Խօսելով Մաքսային Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին՝ դեսպանը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կարելի բոլոր ուղղութիւններով պիտի շարունակէ զարգացնել իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ «Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշումը ինքնիշխան Հայաստանի տուած որոշումն է, որով հաշուի կ՛առնուին Հայաստանի շահերը: Անիկա անպայման յարգանքի արժանի որոշում է, զոր մենք կ՛ընդունինք», յայտնած է դեսպանը՝ դիտել տալով, որ միաժամանակ Հայաստանի իշխանութիւնները բարձրագոյն մակարդակով փափաք յայտնած են շարունակելու յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան տարբեր ատեաններուն հետ՝ այն սահմաններուն մէջ, որոնք կը համապատասխանեն Մաքսային Միութեան միանալու որոշման: Հանրի Ռենօ ընդգծած է, որ այս երկու զուգահեռ տարրերը մնայուն կերպով պէտք է ի մտի ունենալ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի՝ Մաքսային Միութեան լիիրաւ անդամ ըլլալը ի՞նչ անդրադարձ կրնայ ունենալ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ, դեսպանը յայտնած է. «Եւրոպական Միութիւնը պիտի չփակէ իր դռները Հայաստանի առջեւ. անոնք բաց են Հայաստանի համար: Մաքսային Միութեան անդամակցութիւնը չէ ներառուած բազմաթիւ ոլորտներու պարագային՝ կառավարման, մարդու իրաւունքներու, արդարադատութեան եւ այլն», յայտնած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ այս ոլորտներուն մէջ կարելի է ամրապնդել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները:
«Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան ուղիները բազմաթիւ են եւ պէտք է ուսումնասիրուին», նկատել տուած է դեսպանը:
Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւներուն՝ դեսպանը նշած է, որ այս Հոկտեմբերը յագեցած ամիս էր երկկողմանի նախաձեռնութիւններու իմաստով։ «Այս ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած ձեռնարկներէն իւրաքանչիւրը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ–ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման», յայտնած է Հ. Ռենօ։