ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Առաւելագոյն տարածում ապահովելու համար եւ բնականաբար առեւտրական նկատառումներով, «Ասպարէզ» կրնար ահագին նոր շրջանակներ գրաւել, եթէ որոշէր թերթը միաժամանակ հրատարակել նաեւ նոր, խորհրդային ուղղագրութեամբ, որ նաեւ Հայաստանի մէջ պետականօրէն ընդունուածն է:
Նման քայլի չենք դիմեր՝ մեր որդեգրած սկզբունքին պատճառով, որ դասական, Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը կ՛ընդունի իբրեւ ազգային անփոխարինելի գանձ: Նման քայլ մը նաեւ պիտի ընդվզեցնէր «Ասպարէզ»ին հաւատարմօրէն սատարող ամբողջ հատուած մը, որ երբե՛ք չէ ընդունած ու պիտի չընդունի մեր ազգը պառակտելու նպատակով ստեղծուած այդ ուղղագրութիւնը:
Կոչ, յորդոր, աղաչանք, դիմում… ի՛նչ ճանապարհ ալ որդեգրենք՝ ներգրաւելու համար նոր ուղղագրութեամբ դաստիարակուած բազմութիւնը, այնպէս կը թուի, որ ան, նոյնիսկ եթէ դասական ուղղագրութեան հանդէպ բացասական վերաբերմունք չունի, չափազանց վերապահօրէն կը մօտենայ դասականով հրատարակուած թերթերուն եւ գրականութեան, ու կը դժկամի նուազագոյն ճիգ թափել՝ ընթերցելու զանոնք:
Այս պայմաններուն տակ ի՞նչ պէտք է ընէ «Ասպարէզ»ի նման հրատարակութիւն մը: Կը խնդրենք մեր շրջանի մտաւորականներէն մեզ փոխանցել իրենց առաջարկները, խորհուրդները եւ կարծիքները: Շարունակենք մեր ճամբան այսպէ՞ս, թէ փնտռենք լուծումներ:
Իտէալական լուծումը, միասնական ուղղագրութեան մշակումը մեր կարողութենէն, պատասխանատուութենէն վեր են: Ակադեմիա, պետութիւն, համալսարաններ պէ՛տք է զբաղին այդ խնդիրով, բայց, դժբախտաբար, չեն զբաղիր, ու հեռանկարի վրայ նման համազգային ծրագիր չերեւիր:
Այլ լուծումներ կա՞ն: Եթէ շարունակենք այս վիճակը եւ յարատեւօրէն քննադատենք նոր ուղղագրութիւնը՝ իբրեւ պառակտող ազդակ, ապա մենք ալ անուղղակիօրէն նպաստած կ՛ըլլանք պառակտումի մտայնութեան խորացման՝ առանց կարենալու փոքրիկ խումբ մ՛իսկ միացնել Մեսրոպեանականներու ճամբարին:
Լուծումներէն մէկը՝ որոշ ժամանակաշրջան մը թերթը կրնայ իր յօդուածները հրատարակել՝ նոյն գրութեան մէջ երկու ուղղագրութիւնները օգտագործելով եւ անհրաժեշտ բացատրութիւնները տալով. օրինակ՝ «յանկարծ» բառին կողքը փակագիծի մը մէջ գրել. «կը կարդացուի հանկարծ, այլ ոչ եանկարծ»:
Ահագին տաղտկալի եւ աշխատատար գործ, բայց գոնէ անճրկած մնալէ լաւ է: Չէ՞:
Getztzeg Vehoren hanteb Ayp Pen Kimiin.
Յարգելի խմբագիր,
Քաղաքական նպատակներով գործադրուած պատմական սխալ մը մայրենիին հանդէպ կարելի չէ դարմանել նոր արտառոցութիւններով՝ պարզապէս մատչելիութեան համար: Անկախ Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը Սփիւռքի պահած նուիրական բոլոր արժէքները որդեգրեց, ինչպէս’ Եռագոյն դրօշը, որոշ բարեփոխումներով Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, օրհներգը, եւ այլն, սակայն երբեք տէրը չեղաւ գրաբարէն սերած երկու լեզուաճիւղերու միեւնոյն ուղղագրութեան որդեգրման հիմնարար խնդրին, որուն լուծումը տակաւին չենք հասկնար թէ ինչու կ’ուշանայ… եղած-չեղածը քանի մը տառի կիրարկման ձեւերու հետ կապուած է, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը Հայաստանի մէջ… ուր սակայն, ճիգ չկայ, աշխատանք չկայ, բաւարար համոզուածութիւն չկայ այս հարցին կապուած… Սփիւռքը երբեք պարտաւոր չէ տեղի տալու այս խնդրով, այնքան ատեն որ ուղղափառ ուղղագրութիւնն է որ կը կիրարկէ գրեթէ բոլոր գաղութներու մէջ… այս հարցը հիմնական խնդիր է, որուն հետ առաւելաբար պէտք է զբաղի Ազգային Ակադեմիոյ լեզուագիտութեան վարչութիւնը եւ կառավարութեան դիմէ՝ վերադառնալու համար այն ուղղագրութեան սկզբունքներուն, որոնք աղաւաղուեցան սովետական վարչակարգի օրօք եւ ազգի պառակտման ծանօթ պատճառներով… այսօր ունինք անկախ Հայաստան, բայց ըստ երեւոյթին չունինք ազգային անկախ մտածողութիւն, որպէսզի այս հարցին բերուէր յստակ ու մեկին լուծում: Կ’առաջարկեմ նախ, որ Հայաստանի պատկան վարչութիւնները լրջօրէն զբաղին այս խնդրով՝ Սփիւռքի ամբողջ ներուժը նկատի առած եւ գիտական մակարդակի վրայ միացեալ մարմինի մը ստեղծումով, իսկ երկրորդ՝ «Ասպարէզ»ի մէջ ստեղծեցէք մնայուն սիւնակ, ուր յայտնուին աղաւաղուած տառերն ու անոնց կիրարկման կապուած քերականական օրէնքները, որոնք պիտի դիւրացնեն ընթերցումը ուղղափառ ուղղագրութեան եւ հիմք ծառայեն՝ նուիրական վերջին վտարանդի մոհեկանին ազգ ու հայրենիք վերադարձին: Ի վերջոյ մամուլը ուսուցողական նպատակ կը հետապնդէ նաեւ, չէ՞… թող որ «Ասպարէզ»ը ըլլայ յառաջատարը այս սրբազան պարտաւորութեան…