ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայ Դատի աշխատանքներուն տարիներու նուիրեալ եւ Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքի սիւներէն Խաժակ Սարգիսեան, «Ասպարէզ»ին հազար տոլար նուիրելով՝ ստանձնեց 1919ի թիւերու թուայնացումը: Հայաստանի Ա. հանրապետութեան երկրորդ տարին էր ու երկիրը պետութիւն կառուցելու, գաղթականները տեղաւորելու եւ նոր կեանք սկսելու կը պատրաստուէր: Այդ անկախ հանրապետութեան գործիչներու ոգին ու նուիրումը գնահատելով՝ Խաժակ Սարգիսեան ուզեց հոգալ այդ տարուան «Ասպարէզ»ի թուայնացումը: Արշաւը կը շարունակուի: Թուայնացման հովանաւորութիւնը կարելի է ստանձնել հազար տոլարի նուիրատուութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.