
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վարուժան եւ Արմինէ Գունտաքճեանները տարուան մեծագոյն մասը կ՛անցընեն Երեւան: Լոս Անճելըս կու գան՝ իբրեւ զբօսաշրջիկներ: Շատերուս երազն է, չէ՞, այդ դասաւորումը:
Բարեգործութիւն, տնտեսական նոր ձեռնարկներ, երեւանեան մշակութային կեանքի վայելք, այս բոլորը կ՛իմաստաւորեն իրենց առօրեան, սակայն, Երեւան նստած՝ երկուքն ալ մօտէն կը հետեւին Լոս Անճելըսի մեր համայնքի իրադարձութիւններուն, ու տեղեկանալով, թէ «Ասպարէզ» կը նշէ իր 105ամեակը՝ որոշած են անգամ մը եւս արտայայտել իրենց զօրակցութիւնը թերթին՝ տասը հազար տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կատարելով: Յիշեցնենք, որ այս տարին նոր սկսած, Գունտաքճեանները «Ասպարէզ»ին նուիրած էին 7500 տոլար: Շնորհակալութի՛ւն Վարուժան եւ Արմինէ Գունտաքճեաններուն: