
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1ին յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Նոյեմբեր 4ին պիտի ժամանեն Երեւան:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ միջնորդները Պաքու պիտի այցելեն Նոյեմբեր 3ին: Տակաւին յստակ չէ, թէ համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղ պիտի այցելե՞ն, թէ ոչ:
Միւս կողմէ, «Թուրան» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք ըսած է, թէ ինք համոզուած է, որ Արցախի տագնապի կարգաւորման մէջ «որոշիչ գործօնը Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ քաղաքական կամքի դրսեւորումն է»: Ուորլիք նշած է, որ համանախագահներու տարածաշրջան այցելութեան հիմնական նպատակներէն մէկը նախագահներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելն է: «Կողմերուն միջեւ վստահութեան հարցը կենսական նշանակութիւն ունի ներկայիս», նշած է ամերիկացի համանախագահը:
Ուորլիք խորհուրդ տուած է «իրապաշտօրէն նայիլ ապագային»: Այժմ պէտք է գործնական քայլերու ձեռնարկել՝ լայնածաւալ բանակցութիւններ սկսելու եւ որոշումներու հասնելու համար», ըսած է ան:
Ամերիկացի համանախագահին համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը «վտանգաւոր է»: «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը շարունակեն սպառազինութիւն ձեռք բերել, բայց պէտք է նկատել, որ իրադարձութիւնները կրնան զարգանալ նաեւ տրամագծօրէն հակառակ՝ «հայելային» ուղղութեամբ, եթէ, ի հարկէ, հակամարտող պետութիւններու ղեկավարները ընտրեն խաղաղ կարգաւորման տարբերակը ու Մինսկի խմբակի ձեւաչափը», եզրակացուցած է Ուորլիք: