
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 12 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ «Սատար Ղարաբաղին» միութեան խումբ մը անդամներուն հետ, կազմակերպութեան նախագահ Թամարա Քոչարեան-Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: Ըստ «Արմէնփրես»ի՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը միացեալ ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ հարցեր: Նախագահ Սահակեան արժեւորեց միութեան գործունէութիւնը քաղաքական եւ բարոյական տեսանկիւններէն:
Նախագահ Սահակեան «Երախտագիտութիւն» մետալը յանձնեց «Արցախ՝ Հայ Մշակոյթի Եւ Աւանդութիւններու Պարտէզ» գիրքի հեղինակներ Քլոտ Մութաֆեանին եւ Տիգրան Գույումճեանին՝ կարեւոր նկատելով աշխատութեան նշանակութիւնը գիտական եւ մշակութային առումներով:
Հանդիպման ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան եւ Ֆրանսայի մօտ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան: