
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Ճորճ Ռանըր, որ ներկայիս նահանգային տուրքերու վարչութեան ընտրեալ անդամ մըն է, վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սեւակ Թաթէոսեանի հետ՝ քննելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու կարեւորութիւնը:
Ռանըր յիշեցուցած է, թէ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին մէջ գործած տարիներուն, ան միշտ նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն, որոնք նաեւ կոչ կ՛ընէին Քոնկրեսին ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը:
«Հայ համայնքը արժէքաւոր ներդրումներ կատարած է նահանգին ու ես կը շարունակեմ անոր նեցուկ կանգնիլ: Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է արտացոլացումը ըլլայ մեր պաշտպանած արժէքներուն», ըսած է Ռանըր:
Ռանըր 1996ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ, իսկ 2004ին՝ նահանգային Ծերակոյտի անդամ: Ան 2001էն ի վեր անդամ է Քալիֆորնիոյ տուրքերու վարչութեան: