ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի պաշտօնաթերթ «Հայ Շարժում»ի՝ Հոկտեմբեր 2013ի թիւէն կը տեղեկանանք, թէ համալսարանի հայ ուսանողական միութիւնը արդէն իսկ ընտրած է իր 2013-2014 տարեշրջանի վարչութիւնը, որուն առաջին նախաձեռնութիւնը եղած է համալսարանէն ներս Հայաստանի վերանկախացման 22րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:
Նաեւ, Սեպտեմբեր 17ին, «Քլարք» համալսարանէն թուրք դասախօս Ումիտ Քիւրտ, Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ բանախօսութիւն մը ներկայացուցած է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին ու անկէ ետք հայութենէն խլուած հարստութեանց մասին, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ ունեւոր նոր դասակարգ մը գոյացուցած էր:
Սեպտեմբեր 20ին, համալսարանի նոր նախագահ՝ դոկտ. Ճոզէֆ Քասթրօ, այցելած է Հայագիտական ծրագիրի գրասենեակը՝ խորհրդակցութիւններ ունենալով ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի հետ:
Ֆրեզնոյի համալսարան այցելած դասախօսներէն մէկը եղած է նաեւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեանը, որ ներկայացուցած է «Պիթլիսի Հայերը» նիւթը՝ Սեպտեմբեր 5ին տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին:
Նաեւ, փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան Սեպտեմբեր 4-25ի միջեւ, չորս բաժիններով դասախօսական շարք մը ներկայացուցած է՝ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին մասին, համալսարանի «Օշեր» հիմնարկին նախաձեռնութեանց ծիրէն ներս, որոնց թիրախը սովորաբար 50 տարիքը բոլորած եւ նորութիւններ սորվիլ փափաքողներն են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.