
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 1 Նոյեմբերին ընդունած է պելճիքահայ բարերար Անտրէ Գիւմուշճեանը եւ անոր հետ քննարկած է Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ Բակօ Սահակեան ողջունած է Արցախի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման մասնակցելու բարերարին պատրաստակամութիւնը՝ ընդգծելով, որ Սփիւռքի ներգրաւումը Արցախի հզօրացման գործին կարեւոր է երկիրին մէջ առեւտուրի մշակոյթի զարգացման եւ առաջատար մօտեցումներու կիրարկման տեսանկիւններէն:
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: