ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պուրսայի Օրհան Կազի գաւառակի Քերամեթ գիւղի տուներէն մէկուն տակ, պաշտօնական հրամանով մը սկսած է հայերու հաւանական գանձի մը փնտռտուքը։ Տարիներէ ի վեր կը պնդուէր, թէ այդ տան տակ գանձեր պահուած են։ Տեղացիները կ՛ուզէին պեղումներ ընել, որպէսզի երեւան հանուէր գանձը։ Վերջապէս, իշխանութիւնները արտօնած են, որ պետական անձնաւորութեանց ներկայութեամբ կատարուի փնտռտուքը։ Տունը ներկայիս կը պատկանի Սալիհա Շենթիւրք անունով կնոջ մը եւ լքեալ վիճակ ունի։ Փնտռտուքը պիտի շարունակուի ամիս մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.