ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտէն բարձրացան ձայներ, որոնք Շանթ Յարութիւնեանի նախաձեռնած «Յեղափոխութիւնը» (որուն արդիւնքը եղաւ երկու տասնեակ ձերբակալութիւններ, նիւթական որոշ վնասներ, բայց եւ ահագին աղմուկ ու իրարանցում՝ փոքր տարածքի մը մէջ սահմանափակուած կամ կեդրոնացած) գնահատեցին իբրեւ պետական պատուէրով, իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած գործողութիւն, որ իբրեւ շանթարգել կրնայ ծառայել հետագայ ըմբոստ շարժումներու:
Ըստ էութեան՝ այդպէս կրնայ ըլլալ: Որեւէ գործողութիւն, որ կը վարկաբեկէ իշխանութեանց դէմ բողոքի շարժումը, շանթարգելի դեր կատարած կ՛ըլլայ: Սակայն, կ՛ուզենք դուրս գալ ամէն իրադարձութեան մէջ իշխանութեանց դաւադիր մատը տեսնելու մշակոյթէն եւ իրադարձութիւնը գնահատել իբրեւ ինքնաբուխ, յուսահատութեան ու անզօրութեան հասած խումբի մը պոռթկումը:
Յուսահատութեան հասցնող ազդակները որքա՛ն իշխանական ճամբարէն գան, նոյնքան ալ կազմակերպուած ընդդիմադրութեան անկազմակերպուածութենէն կը ծնին: Օրինականօրէն, ընտրութեանց ճանապարհով իշխանափոխութիւնը իբրեւ անկարելիութիւն՝ կրկին ու կրկին հաստատուած փաստ է արդէն, եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի անհասկնալի քայլերով, այդ փաստը առաւել եւ հաւանաբար վերջին անգամ ամրագրուեցաւ: Եթէ այդպէս է, ապա վիճակը փոխելու ի՞նչ հնարաւոր ճանապարհներ կրնան ներկայանալ վճռական տրամադրուած ընդդիմութեան:
Եթէ կային մտածողներ, թէ յեղափոխական, մարտաշունչ ըմբոստութեան ճամբով կրնային իրենց նստավայրերէն փախուստի մատնել իշխանաւորները, ապա Շանթի տարբերակը բաւական տարհամոզիչ կրնար ըլլայ իրենց համար՝ նախ տեսնելով այդ մարտավարութեան անհեռանկարային ըլլալը, ապա եւ գնահատելով ժողովուրդի մերժումը նման ոճով գործողութիւններու:
Յամենայնդէպս, Շանթը հաւանաբար ինք եւս չունի յաւակնութիւնը իբրեւ ժողովրդային ըմբոստութեան ու ընդվզումի հունաւորող ներկայանալու, ո՛չ ալ հաւանաբար պատուաբեր կը նկատէ իշխանութեան համար ուղղակի կամ անուղղակի կերպով իբրեւ յեղափոխութեան շանթարգել օգտագործուիլը: Ան իր քայլը կատարեց, եւ վերջ: Մեր կողմէ անընդունելի էր իր ոճը, այո՛, երկիրը յաւելեալ ցնցումներու տանող քայլերը կը մերժենք, բայց հիմա, քիչ մը աւելի լրջութեամբ, աւելի պատասխանատուութեամբ, մեր ժողովուրդին ներկայ յուսահատական վիճակէն դուրս գալու ելքեր առաջարկելու պարտաւորութիւնը պէտք է ստանձնենք: