ԹԱՒՐԻԶ.- Վերածաղկող Ատրպատականի հայոց թեմին համար եկամտաբեր նոր աղբիւր ըլլալու կոչուած Ղալայի վաճառատան հիմնօրհնէքը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերի առաւօտուն հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:
Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ եկեղեցապատկան Միութիւններու ներկայութեամբ, Բերդաթաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հողամասին վրայ, դէպի «Տիք Պաշի» հրապարակ նայող բաժինին մէջ, հիմը դրուեցաւ սոյն վաճառատան, որ Ազգային վարչութեան ջանքերով մէկ տարուան մէջ երկրորդ եկամտաբեր աղբիւրը պիտի ըլլայ թեմին, Ազգային առաջնորդարանի պարիսպին մէջ բացուած նոր վաճառատան հետ միատեղ:
Նոր կառոյցի առաջին հիմը զետեղելէ ետք, թեմակալ առաջնորդը իր շնորհաւորական խօսքը արտասանեց, ուղղուած Ազգային իշխանութեան բոլոր կառոյցներուն, ներկաներուն եւ ընդհանրապէս Ատրպատականի հայոց թեմի բոլոր զաւակներուն: Թեմին կողմէ կատարուող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն աղօթքով սկսելու երեւոյթը գնահատելով, ան միաժամանակ շեշտեց կամքի ու աշխատանքի միասնական գործունէութիւնը, «որուն արդիւնքը միշտ արդիւնաւոր եղած է համայնական կեանքի բարօրութեան համար»: Նոյնպէս, ան վեր առաւ Ազգային վարչութեան աշխոյժ ու միասնական ջանքերը, շարունակելու «մեր հայրերէն ժառանգուած անշարժ գոյքի շահարկման ու բարեզարդման գործը, ի նպաստ թեմէն ներս հայ կեանքի պահպանման ու ծաղկման»:
Թեմակալ առաջնորդը յանուանէ յիշեց ատենապետ Ռուբիկ æանանեանը, Վարդան Աբրահամեանը, Անի Յակոբեանը, տոքթ. Աշոտ Խզրիեանը եւ Գագիկ Ճորճեանը եւ ըսաւ. «Անոնք Ազգային վարչութեան կազմ իբրեւ, կը ծրագրեն եւ կը գործադրեն ազգաշէն նորանոր ծրագիրներ»:
Յայտնենք, որ սոյն երկյարկ վաճառատունը, (գետնայարկով եւ կեդրոնական շուկային հաւասարութեամբ) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արեւելեան պատը առաւել ամրապնդող պարիսպի դեր պիտի կատարէ միաժամանակ, շրջափակը պաշտպանող ցած պատին փոխարէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.