ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ», «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ի երեկոյեան, Ամասիա նահանգի Մերզիֆոն քաղաքին մէջ բացուած է Տիլտիլեան ընտանիքի լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որուն շնորհիւ լուսանկարները 90 տարի ետք կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը:
Պատմական լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցած է Մերզիֆոնի քաղաքապետին եւ բազմաթիւ քաղաքացիներու մասնակցութեամբ:
Մերզիֆոնցի Տիլտիլեան լուսանկարիչ եղբայրները, որոնք ականատեսը եղած են Անատոլուի մէջ հայերու դաժան տեղահանութեան, այդ տառապալից օրերէն վկայութիւններ կը բերեն իրենց լուսանկարներով, օրագիրներով ու ձայնագրութիւններով, եւ իրենց լուսանկարներով կը ցոլացնեն կորսուած յիշողութիւններ ու անցեալի հայ ընտանիքներու կրած տառապանքներու նիւթը։ Լուսանկարներու հաւաքածոն ներկայիս հասած է Տիլտիլեան ընտանիքի երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Արմէն Ցոլակ Մարսուպեանին, եւ անցեալ Ապրիլին, անոր առաջին ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է «Թիւթիւն Տեփօ»ի մէջ:
Լուսանկարները լոյս կը սփռեն հայոց տխուր պատմութեան մէկ երեսին վրայ. պատմութիւն, որուն ընթացքին հայերը տեղահանուեցան այն հողերէն, որոնց վրայ կ՛ապրէին դարերէ ի վեր։ Բայց այդ կորուստը միայն անձերու կորուստ մը չէր, այլ կորուստն էր նաեւ մշակութային այդ թանկագին գանձերուն, զորս հայերը ձեւաւորած էին երկար հարիւրամեակներու ընթացքին։
Տիլտիլեան եղբայրները լուսանկարչական գործունէութիւն տարած են Սվազի, Մերզիֆոնի ու Սամսոնի մէջ՝ 1872-1923 թուականներուն, եւ այժմ անոնց պատմութիւնը ամփոփուած է երեք եղբայրներու յիշողութիւններուն ընդմէջէն։
Լուսանկարչական գործունէութեան հիմնադիրն է Ցոլակ Տիլտիլեան )ծնած՝ 1872ին, Եոզկատ եւ մահացած 1935ին՝ Աթէնք). ժամանակ մը ետք, անոր միացած է Արամ Տիլտիլեանը )1883՝ Սվազ-1963՝ Սան Ֆրանսիսքօ) եւ մայրը՝ Հայկանոյշ Տէր Յարութիւնեանը )1877՝ Սվազ-1954՝ Ֆրանսա), իսկ անոնց յիշողութիւնները հաւաքած ու ամփոփած է Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեաններու եղբօրորդին՝ Մարիձա Մետաքսեանը )1901՝ Մերզիֆոն-1987 Ֆրանսա)։
Ընտանեկան հաւաքածոն կը բաղկանայ աւելի քան 600 լուսանկարներէ, որոնք ունին պատմական բացառիկ նշանակութիւն:
Արմէն Ցոլակ Մարսուպեան նշած է, թէ շատ երջանիկ է, որ իր ընտանիքին պատկանող լուսանկարները վերջապէս կը ցուցադրուին անոնց ապրած հողերուն վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.