
ՊՈՍԹԸՆ.- ՀՄԸՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 38րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Նոյեմբեր 8-10, հիւրընկալութեամբ՝ Պոսթընի մասնաճիւղին, որ այս առթիւ կը տօնէր մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40ամեակը:
Ժողովին մասնակցեցան ինը մասնաճիւղերու՝ Ալպընիի, Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Շիքակոյի, Տիթրոյիթի, Ուաշինկթընի, Պոսթընի, Փրովիտընսի, եւ Ֆիլատելֆիոյ լիազօր ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամներն ու Կեդրոնական վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեանը:
Խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներու շարքին նոյնպէս ներկայ էին, ՀՅԴ Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեան, Շրջանային Մարզական յանձնախումբի եւ Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչները, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալներ:
Ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը: Կատարուեցան քննարկումներ եւ առաջարկներ: Աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն՝ Վահէ Թահմազեան (Ուաշինկթըն), Արա Իշխանեան (Ֆիլատելֆիա), Արամ Քայսէրեան (Պոսթըն), Ռազմիկ Փանոսեան (Պոսթըն), Պերճ Փափազեան (Շիքակօ), Սարգիս Դարբինեան (Փրովիտընս) եւ Մարք Թորոսեան (Նիւ Ճըրզի):