
ՕՍԹԻՆ, Թեքսաս.- Աբօ Թորոսեանի պատրաստած վաւերագրական կարճ շարժապատկերը, որ կ՛առնչուի դէպի հօրը պապենական գիւղը՝ Էտինչիք, կատարած իր այցելութեան, հետաքրքրութիւնը շարժած է ներկայիս մէկ տարուան համար Թեքսասի համալսարանի Օսթընի մասնաճիւղին մէջ պաշտօն ստանձնած Սան Ֆրանսիսքոյի նահանգային համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Քերըլ Պըրթրամի:
Դասախօսը, Թորոսեանին յղած իր նամակին մէջ, նախ դրուատած է վաւերագրական շարժապատկերը, ապա նշած է, թէ Թեքսասի համալսարանին մէջ իր կեցութեան ընթացքին, պիտի աշխատի պատմական Հայաստան այցելող հայ ուխտաւորներու մասին ուսումնասիրութեան մը վրայ՝ գործածելով նման վաւերագրական շարժապատկերներ, ինչպէս նաեւ Արմէն Արոյեանի գլխաւորած՝ դէպի Արեւմտահայաստան ուխտագնացութիւններէն տեսաերիզներ, յուշեր եւ այլ նիւթեր: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ ինք եւս մասնակցած է Արոյեանի առաջնորդած ուխտագնացութիւններէն 7ին:
Պըրթրամ նաեւ գրած է, թէ հակառակ անոր, որ ինք հայ չէ, այլ՝ ծագումով հրեայ, ինք եւս Թորոսեանի նման սկսած է թուրք բարեկամներ կորսնցնելու եւ մտահոգ է Թուրքիա այցելելու ուղղութեամբ, իր կատարած ուսումնասիրութեան պատճառով: