ԵՐԵՒԱՆ.– 21 Նոյեմբերին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ ելեւմուտքի եւ դրամատուներու ներկայացուցիչներու համահայկական 2րդ համաժողովը: Համաժողովին բացման խօսքը պիտի արտասանէ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, խօսք պիտի առնեն Կեդրոնական դրամատան նախագահի տեղակալ Ներսէս Երիցեանը, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ տոքթ. Յարութիւն Սամուէլեանը:
Համաժողովին պիտի մասնակցին Սփիւռքէն եկած ելեւմուտքի բնագաւառին մէջ գործողներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, առեւտրական դրամատուներուն, ապահովագրական ընկերութիւններու, վարկային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ: Պիտի քննարկուին Հայաստանի տնտեսական համակարգի զարգացման միտումներուն եւ մարտահրաւէրներուն վերաբերող խնդիրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.