ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած են Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու նպատակով տարուող աշխատանքները:
«Կան ընդհանուր քայլեր, որոնց մենք պէտք է ձեռնարկենք, եւ արդէն իսկ կատարած ենք բանակցութիւններ, որոնք մեզի առիթ կ՛ընծայեն այդ հարցերը կարգաւորելու համար հիմեր ստեղծելու», ըսած է Էրտողան, Ռուսիա-Թուրքիա բարձրագոյն մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի նիստի աւարտին:
«Կը հաւատամ, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա պարտաւորութիւններ ունին հայ-ատրպէյճանական հիմնախնդիրի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութեանց զարգացման մէջ», աւելցուցած է Թուրքիոյ վարչապետը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Թուրքիոյ Անկեղծութ՞իւնը, Բարեկամութ՞իւնը,
Թորքիա կեղծ բարեկամութեամբ մօտեցաւ Սուրիոյ, եւ Դաւաճանութեամբ վերջացուց՝
Օտար Ոճրագործ խումբերու կազմակեմամբ, մարզելով, զինելով եւ Սորիա տեղափոխելով՝ տապալելու համար Սուրիոյ Օրինաւոր Իշխանութիւնը.
Ի՞նչ անամօթ համարձակութիւն Ոճրագործներու Պաշտպան Էտողանի կողմէ խօսիլ Բուդինի հետ Սուրիոյ մասին՝ Բուդինը՝ որ Սուրիոյ Օրինաւոր պետութեան անկեղծ եւ ջերմ պաշտպանն է.
Եւ խօսիլ Արցախի մասին՝ իր հիւանդ ցեղակից եղբօրը կորսուած դատին մասին.
Հեռու չենք՝ երբ Արցախի դատը վերածուի Վիլսոնեան քարտէսով ճշդուած Հայաստանի ազատագրման դատի.
Էրտողան այն ատեն պիտի ըսէ Ալիեւին՝ Հէր Քոյուն քենտի այաղնտան ասիլիր.
Այսինքն՝ Ալիեւ՝ Գլխուդ ճարին նայիր,
Ինչպէս որ մտածեց ըսել Չինաստանի Ույկուրներուն համար.
Վահան Վանական,
Զուիցերիա