
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 22 Նոյեմբերին ընդունած է Քուէյթի նահանգապետ շէյխ Ալի Ալ Ճապեր Ալ Ահմատ Ալ Սապահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, ողջունելով հիւրերը՝ Տիգրան Սարգսեան համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ Քուէյթի նահանգապետին Հայաստան այցելութիւնը պիտի խթանէ հայ-քուէյթեան յարաբերութիւնները: «Վերջին շրջանում մեր երկկողմ ծրագրերը նոր թափ են ստանում: Հայաստանը շահագրգռուած է Քուէյթի հետ փոխգործակցութեան ընդլայնման եւ վերամշակող ձեռնարկութիւնների ստեղծման ու ներդրումային այլ ծրագրերի իրականացման գործում», յայտնած է վարչապետը։
Ալի Ալ Ճապեր Ալ Սապահ իր կարգին Տիգրան Սարգսեանին փոխանցած է Քուէյթի վարչապետին ջերմ ողջոյնները եւ նշած, որ իր երկիրը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Հայաստանի հետ կապերու սերտացման եւ պատրաստակամ է նոր թափ հաղորդել երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման:
Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, որ Հայաստան արդէն կ՛որդեգրէ «Բաց երկնքի» քաղաքականութիւնը: Այդ պարունակին մէջ քննարկուած է երկկողմանի ուղիղ թռիչքներու կազմակերպման կարելիութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման: Կողմերը դիտել տուած են, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Քուէյթի օդանաւորդութեան բնագաւառներու ղեկավարներու հան-դիպում, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին վերոյիշեալ հարցերը։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-քուէյթեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի աշխատանքներուն եւ հնարաւոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացման: