ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ուըրլտ Վիժըն»ի Հայաստանի մասնաճիւղին «Իրական աշխարհ, իրական մարդիկ» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ ՁԻԱՀի (Ձեռքբերովի իմունային անբաւարարութեան համախտանիշ ԷՅՏԶ)ի կանխարգելման հանրապետական կեդրոնը՝ միանալով ՄԻԱՎի (Էյչ.Այ.Վի) վերաբերեալ հետազօտութեան Եւրոպական շաբաթուան եւ ՁԻԱՀի դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան նախաձեռնութիւններուն՝ կազմակերպած են կլոր-սեղան քննարկում, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 22ին, Երեւանի մէջ: Կազմակերպիչները յայտարարած են Հայաստանի մէջ ՄԻԱՎի վերաբերեալ հետազօտութեան շաբաթուան մեկնարկին եւ նախաձեռնութիւններուն մասին:
Մասնակիցները քննարկած են հետեւեալ նիւթերը՝ ՄԻԱՎի առնչուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ, ՄԻԱՎի վերաբերեալ հետազօտութեան հնարաւորութիւնները Հայաստանի մէջ, ՄԻԱՎի վերաբերեալ հետազօտութեան շաբաթուան նպատակը, ՄԻԱՎի վերաբերեալ հետազօտութեան շաբաթուան նախաձեռնութիւնները Հայաստանի մէջ։
«Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կենտրոնական Ասիայի տարածաշրջանում, որի մաս է կազմում նաեւ Հայաստանը, ՄԻԱՎի դէպքերի թիւը սրընթաց աճում է, այն ինչ միւս երկրներում տեղի է ունենում ՄԻԱՎի դէպքերի նուազում: Սա պայմանաւորուած է նրանով, որ ՄԻԱՎ վարակը այդ երկրներում վաղ փուլերում է յայտնաբերւում: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 2012ի դրութեամբ մեր երկրում ՄԻԱՎ վարակի ախտորոշուած բոլոր դէպքերի 51 տոկոսը ախտորոշուել է հիւանդութեան ուշ փուլերում, երբ մարդն արդէն ունի հակառետրովիրուսային բուժման կարիք», նշած է «Իրական աշխարհ, իրական մարդիկ» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր Յովհաննէս Մադոյեան:
«Եթէ ՄԻԱՎի վերաբերեալ խորհրդատուութիւնը որակեալ տրամադրուի, մարդը չի հրաժարուի ՄԻԱՎի վերաբերեալ հետազօտուելուց», դիտել տուած է առողջապահութեան նախարարութեան ՁԿՀԿի տնօրէն Սամուէլ Գրիգորեանը՝ կոչ ուղղելով այս բնագաւառին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն միաւորուելու եւ աւելի աշխոյժ կերպով ներգրաւուելու ՄԻԱՎի վերաբերեալ հետազօտութիւններու նախաձեռնութիւններուն։
Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուած այս ծրագիրին նպատակն է նուազեցնել յատկապէս գաղթականներուն մօտ ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի փոխանցումը։ Ծրագիրը կը գործադրուի 2012-2014 տարիներուն՝ 1 միլիոն 217 հազար 951 եուրօ ֆինանսաւորումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.