ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս յստակ պատասխաններ տուաւ կարգ մը հարցումներու, որոնք այս օրերուն կը զբաղեցնեն Թուրքիոյ հանրային կարծիքը։ «Ա.Թէ.Վէ.» կայանին կողմէ հիւրընկալուելով՝ վարչապետը երկարատեւ հարցազրոյցի մը ընթացքին իր տեսակէտներուն առընթեր հրապարակեց նորութիւններ եւս, որոնցմէ մէկն էր «Քիւրտիստան» անունի գործածութիւնը։ Թէեւ ընդդիմադիրները զինք «անջատողական» որակած էին՝ անցած շաբաթավերջին Տիգրանակերտի մէջ Մեսուտ Պարզանիին ու այլ քիւրտերու իր ցուցաբերած ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի անունը գործածած ըլլալուն պատճառով, սակայն Էրտողան պնդեց, որ քաղաքականութիւնը քաջութիւն պահանջող ասպարէզ է։ Ան պատմեց, թէ ինք յայտնաբերած էր Մուսթաֆա Քեմալին երբեմնի ճառախօսութիւնները ու ստուգած էր, որ ան եւս Քիւրտիստան անունը գործածած էր, ապա հարց տուաւ. «Աթաթի՞ւրքն ալ անջատողական էր»: Էրտողան նաեւ յիշեցուց, որ Հիւսիսային Իրաքի շրջանային վարչութիւնը իր սահմանադրութեամբ իսկ Քիւրտիստան կոչուած է։ Սակայն պնդեց, թէ նոյնը կարելի չէ ըսել Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստանի մը մասին։ «Տիգրանակերտի քաղաքապետը այսպիսի անուն մը գործածած էր, բայց ասիկա լաւ չէ», ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, թէ նման անուններու նպատակն է որոշ շրջանակներ գրգռել։ Էրտողան կրկնեց, որ ընդհանուր ներումի ծրագիր չունի՝ պնդելով, որ պետութիւնը իրաւունք չունի մարդասպան մը ներելու։ «Մարդասպանը ներելու իրաւունքը տրուած է միայն զոհի ընտանիքին», ըսաւ ան։ Այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը մտածէ Պարզանիի այն ենթադրութեան մասին, թէ օր մը ներման կրնայ արժանանալ նաեւ Օճալանը՝ վարչապետը ըսաւ. «Պարզանի սխալ ըրած է, եթէ այդպիսի բան մը ըսած է»։ Վարչապետը նաեւ խստօրէն դէմ եկաւ Սուրիոյ մէջ Քիւրտիստան մը հիմնելու փորձերուն։ Հետաքրքրական է այն, որ Թուրքիա, որ ցարդ յստակ կերպով կ՛օգնէր սուրիացի ապստամբ ընդդիմադիրներուն, այս անգամ դիրք կը գրաւէր այդ ընդդիմադիրներէն՝ քիւրտերուն դէմ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ներել մէկու մը, ո՛չ թէ մէկը: Ներել բան մը կամ ներել բանի մը համար:
Այսինքն մէկը՝ տրական հոլովով, ո՛չ թէ հայցական հոլովով: