ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Հայ ազգը կա՛մ պիտի հիմնէ, կ՛առուցէ եւ կամ պիտի կործանի…
Գիտակից այս իրականութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան գուրգուրոտ ձեռքը ոչ միայն երկարած է առողջապահական, նիւթական օժանդակութեան նպատակներով՝ հանդէպ հայ ազգը ու նոր սերունդը, այլեւ մարդասիրական իր առաքելութիւններու կողքին, ան իբրեւ կիզակէտ ունի սերունդներու ազգային դիմագիծի պահպանումն ու հայակերտումը: Մեկնած այս սկզբունքէն, ՀՕՄը աշխարհացրիւ հայութեան համար ամէնուր հիմնած է դպրոցներ, որպէսզի երաշխաւորէ սփիւռքահայ սերունդներու հայօրէն գոյատեւումը օտար երկինքներու տակ: Անոնցմէ մէկը ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցն է (Էնսինօ), ուր այս տարեշրջանի Մշակոյթի ամիսը յատկանշուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած իւրայատուկ մթնոլորտով:
Արդարեւ, Հոկտեմբեր 27ին Շաբաթօրէայ վարժարանի տարբեր կարգերու աշակերտութիւնը մշակութային զանազան դրսեւորումներով (ձեռային աշխատանք, նկարչութիւն, երգ, գիտելիքներու փոխանցում…) իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայոց Այբուբենի արարիչ Մեսրոպ Մաշտոցին, որ 16 դարէ ի վեր կ՛ուղեկցի հայ ազգի զաւակներուն, հայ լեզուն եւ մշակոյթը անխաթար պահելու թելադրութեամբ:
Մեր այն հարցումին, թէ ի՞նչ կ՛ակնկալէ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանը ազգի զաւակներէն, տնօրէնուհի Աշխէն Փափազեանը ըսաւ. «Մեր փափաքն է, որ բոլոր հայ աշակերտները յաճախեն հայկական վարժարան, իսկ անկարողութեան պարագային՝ ՀՕՄի շաբաթօրեայ դպրոցները ամէնէն լաւ առիթն են, որպէսզի հայ փոքրիկները սորվին հայերէն լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը: Սքանչելի գործ կատարած է ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը՝ շաբաթօրեայ դպրոցներու ցանց հաստատելով տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր այն ծնողներուն, որոնց զաւակները հանրային դպրոց կը յաճախեն, իրենց զաւակները ուղարկելու շրջանի Շաբաթօրեայ վարժարանը, որպէսզի մատղաշ սերունդը առնուազն ծանօթանայ հայ լեզուին, կարենայ գրել, կարդալ, խօսիլ հայերէն, գիտելիքներ ամբարէ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, ծանօթանայ ազգային աւանդութիւններուն, որոնք շատ կարեւոր են հայկական ոգիով դաստիարակելու համար հայ նորափթիթ սերունդերը»:
Օրուան աւարտին, տնօրէնուհիին գլխաւորութեամբ, ծնողական յանձնախումբը պատրաստեց միացեալ ճաշ, որուն մասնակցեցան Շաբաթօրեայ դպրոցի անձնակազմը եւ բոլոր աշակերտները՝ աւարտելով օրուան խորհուրդը հայակերտման մթնոլորտի մէջ:
Նշենք, որ ՀՕՄի շաբաթօրեայ բոլոր վարժարանները հիմնուած են բազում զոհողութիւններու եւ անշահախնդիր նուիրումի վրայ: Այս իմաստով, պէտք է գնահատել նաեւ ՀՕՄի զինուորագրուած բոլոր հայուհիները, որոնք իբրեւ ծնողք, ուսուցիչ, վարչական պատասխանատուներ, յաճախ նաեւ քուլիսներու ետին, իրենց անսակարկ ծառայութիւնը կը մատուցեն հայ ազգին եւ անոր նորահաս սերունդներուն՝ կրթական, ընկերային, բարեսիրական, ազգային եւ մշակութային զանազան մարզերէ ներս: