ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Տասնվեց տարիներու բացակայութենէ ետք, երբ օդակայանէն դէպի Զալքայի Փրոմընատ պանդոկը կ՛ուղղուէինք, մեզի ծանօթ հին Լիբանանը եւ յատկապէս միջերկրականեան ջինջ կապոյտին բացուող անոր մայրաքաղաքը գրեթէ անճանաչելի դարձած էին այցելուներուս աչքին: Մասնաւորապէս, դժուար էր առաջին ակնարկով հաշտուիլ ու մտերմանալ Պէյրութի գլխաւոր փողոցները կամրջող կամարներուն եւ տակաւին քիչ մը ամէն տեղ բուսած բազմայարկանի շէնքերուն, որոնց ցցուն ու խրոխտ տեսքը գրեթէ կը քայքայէ, կը լլկէ ու կը տարրալուծէ յիշողութեանդ խորշերուն մէջ գուրգուրանքով պահուած այն միւս՝ քիչ մը գեղջկական, սակայն իր պարզութեան մէջ գեղեցիկ ու առինքնող էութիւնը:
Ոմանց կարծիքով՝ Արաբական Ծոցի երկիրներու փեթրօ-տոլարները պէտք է փնտռել կալուածային ամեհի այդ ներդրումներուն ետին, պարզի եւ գեղեցիկի այլասերումին մէջ, բան մը, որ միայն մեր ճանչցած գեղածիծաղ Լիբանանի համայնապատկերը այլափոխելու ծառայած է: Ի դէպ, չէ բացառուած, որ արտասահման բնակող կամ հոն գործող լիբանանցիներ, յատկապէս շիա եւ սիւննի միլիոնատէրեր, օտարութեան մէջ դիզուած գումարներով շէնցնել կը փորձեն իրենց ծննդավայրը՝ միլիոններու ներդրումներ կատարելով այնտեղ, որպէս գործարք եւ ինչու չէ նաեւ հայրենասիրական պարտականութիւն:
Տակաւին, նորակառոյցներու շքերթը մայրաքաղաքէն խոյս տալով ոչ միայն Պէյրութի արուարձանները նուաճած է, այլեւ դէպի Լեռնալիբանան տարածուելով՝ իր գրոհին մէջ կուլ տուած է գիւղական միայարկանի տնակներն ու անոնց փէշին կպած մրգաստան-բանջարանոցները: Հոն ալ կարօտախտ բուրող մեր պատկերացումներն ու կառչածութիւնը բուռն կերպով կը բախին ստեղծուած նոր համայնապատկերին՝ բեկում ու մասամբ մըն ալ ցասում յառաջացնելով մարդուս ներաշխարհին մէջ: Եւ դեռ հինին, պարզին, մտերիմի՛ն կառչած մնալու մտասեւեռումը, հակոտնեայ թրթիռներ կը ստեղծէ հարազատ այդ միջավայրին մէջ ամբողջ մանկութիւն մը սպառած երկրի պանդուխտ զաւակներուս մօտ: Եւ ամէնէն անյաղթահարելին ու դժուարը՝ ամէն քայլափոխի, մտապատկերիդ մէջ ամրացած հինի քանդումով, նորակառոյցներու անանձնական էութեան հետ հաշտեցումի անկարելի թուացող արուեստական փորձերը կը մնան: Հազիւ որ բարձրադիր շէնքերու ահեղ տեսքին ու խորթ ներկայութեան վարժուած ըլլալու խաբկանքն ու պատրանքը սկսինք ապրելու, այս անգամ գեղագիտական մեր ճաշակը կը սկսի բախելու կողք կողքի բացուած իգական կամ արական հագուստեղէնի ու կօշիկի վաճառատուներու ապակեայ փեղկերուն, որոնք ճակատագրուած են առօրեայ սեւեռումներուդ կիզակէտն ու առարկան դառնալ:
– Ի՞նչ հարկ կայ,- ակամայ պիտի բացագանչէ վաճառատուներու առատութենէն այլայլած այցելուն,- նո՛յն թաղին ու նո՛յն փողոցին մէջ իրարու պատճէնը հանդիսացող, իրարու յար եւ նման անթիւ վաճառատուներու, որոնք իրենց համրանքով ու ճոխութեամբ ոչ միայն փոքրիկն Լիբանանը, այլ ամբողջ Արաբական Ծոցն ու Միջին Արեւելքը կրնան մօտայիկ կերպով հագցնել: Սակայն, ասոր հետ մէկտեղ, տիրող քաղաքական անորոշութեան պատճառով, շրջանը հարուածող տնտեսական տագնապին որպէս արդիւնք, գրեթէ բոլոր վաճառատուները, ներառելով անոնց տխրաթախիծ տէրերը, կը յօրանջեն, կը հառաչեն իրենց ձանձրոյթէն ու զսպուած զայրոյթէն:
Լիբանանը, իսկապէս ամէն տրամաբանութենէ դուրս՝ փարատոքս-յարակարծութեան երկիր եղած է, եւ ամէնուրեք սունկի պէս բուսնող շէնքերու եւ իրարու գիրկը նետուած վաճառատուներու կողքին, տասնեակ երեւոյթներ կարելի է մատնանշել՝ այդ իրողութիւնը փաստելու համար:
Քիչ առաջ մատնանշուած նոյնանման վաճառատուներու լաւատես սեփականատէրերը, իրենց աչքերը երկինք յառած, գուցէ կը սպասեն, որ անջրպետէն արտամոլորակային էակներ կամ զբօսաշրջիկներ Լիբանան էջք կատարելով՝ Պուրճ Համուտի շուկան ողողեն ու աշխուժացնեն առուտուրը, իրենց հետ բերած ոսկի դրամները անհոգ կերպով մսխելով: Այդ մէկը պիտի զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ արաբական աշխարհի երկիրները զիրար կոտորելու ելած են՝ ապակայունացնելով տարածաշրջանը եւ քայքայումի հասցնելով առաւելաբար զբօսաշրջութեամբ սնանող լիբանանեան տնտեսութիւնը:
Կարծես արտամոլորակայինները ներքաշելու ակնկալութեամբ է, որ Պուրճ Համուտի հարիւրաւոր վաճառատուներու ապակեայ փեղկերը բնակեցուած են այդ նոյն տիպերուն նմանող բնորդներով կամ ընթացիկ հայերէնով՝ «մանըքեն»ներով: Այլազան ու զարմանազան, անշո՛ւնչ, ամէն սեռի ու գոյնի էակներ՝ երիտասարդ, գեղադէմ ու սլացիկ հասակով, որոնք տեղացի տխրաթախիծ յաճախորդին կարծես հրաւէր կ՛ուղղեն՝ անարեւ իր վիճակը մոռնալով՝ մաս կազմելու անհոգ կեանքի ու արբեցումի, մոռնալու իրեն շուրջը տարուող շէյքսփիրեան տարերային ողբերգութիւնը: Բնորդներէն ոմանք արծաթագոյն կամ գրոմիում մոլորակէն իջած ըլլալ կը թուին ըլլալ: Ուրիշները՝ ոսկեգոյն: Ափրիկէի խորերէն ժամանած սեւականներն ալ ի պատուի են… Եւ տակաւին կարելի է հանդիպիլ ուղեղազուրկ «մանըքեն»ներու եւս, որոնց գանկերը փորուած են արդիապաշտ վիրաբոյժներու կողմէ: Այդ խեղճերը կարծես կը նախընտրեն առանց ուղեղի ապրիլ, քան ամէն օր ականատեսը դառնալ մարդ կոչուող տականքին ձեռքով սարքուած նախճիրին: Կա՛մ ալ անորոշ ցեղի մը պատկանող այդ տիպարները, մեր օրերու կարգ մը անտարբեր հայերուն նման, փարսախներով հեռու կ՛ուզեն ապրիլ գիր գրականութենէ…
– Սակայն էդ բոլորը հի՛չ,- պիտի գոչէր հայաստանցի մարդաբանը:
Բայց եւ այնպէս, ի լուր Պուրճ Համուտի «Արմինիա» փողոցը հատող կենսասէր արուներուն, ապակեայ փեղկերու ետին կային նաեւ իգական սեռի պատկանող նրբակերտ, մարալիկ դիցուհիներ, որոնց չնաշխարհիկ գեղեցկութիւնը ուղղակի հմայելու կը ծառայէ ամէն տարիքի գեղագէտ արուները:
Աներորդուոյս՝ «Սէմէրճեան Օփթիկ»ի հաստատութեան կից, կնկայ հագուստեղէն ծանուցող անուշիկ բնորդներու խումբին մէջ կար մէկը, որ առաջին օրէն ուշադրութիւնս գրաւեց եւ որուն գրեթէ սիրահարած էի… Եթէ դարուս անհոգի երիտասարդներէն մէկը ըլլայի եւ՝ ամուրի, անպայմանօրէն աստուածային այդ էակը չէի փախցներ. մօտակայ հայ ոսկերիչէն գլխուս չափ ադամանդ քարով զարդարուն մատանի մը գնելով՝ ծունկի կու գայի անոր առջեւ ու ամուսնութիւն կ՛առաջարկէի…
Ինչո՞ւ չէ, երբ Ամերիկայի եւ եւրոպական առաջապահ երկիրներու տարածքին միասեռականներու միջեւ ամուսնութիւնը վաւերացուեցաւ, ապա ինչո՞ւ մանըքեն-բնորդներու հետ մեզի պէս կրակ ու բոց տղամարդոց սիրերգութիւնը պիտի արգիլուի…
Այսքանը՝ երգիծանքի եւ զբօսանքի բաժինը…
Ինչու՞ Պ. Գուբելեանը կը խնդայ իր պատկերին մէջ կիսազուարճացնողի թեթեւսոլիկ արտամոլորակայիններու նման, արդեօք իր բարձր ոճով գրութեան հարմար պատկեր չունի՞…