ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Զարմանալի չթուայ այս վերնագիրը: Ասիկա շատ տարածում չգտած առածի մասին գրութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ շահամոլ մարդու կեցուածքը ու իր շահադիտութեանց մէջ երբեք չպարտուելու անոր խաբկանքը:
Նման մարդոց համար ըսուած է այն խօսքը, թէ՝ «երբ իմանայ պարտուած ըլլալը՝ այդ վայրկեանին իսկ անձնասպան կ՛ըլլայ»: Բանակի քաջ հրամանատարներէն պէտք է զանազանել սակայն այս տեսակ մարդիկը: Հերոսական ոգիով իր բանակը մարզող ու դէպի ռազմադաշտ առաջնորդող իսկական հրամանատարը անձնասպան կ՛ըլլայ այն ատեն, երբ տեսնէ իր զինուորներուն նահանջելն ու պարտութիւնը: Ան նոյնիսկ նախապէս այնպէս կը դաստիարակէ իր զինուորները, որ եթէ տեսնեն իր նահանջելն ու փախչիլը՝ գնդակահարեն զինք:
Կեանքի մէջ իրենց կրած պարտութիւնը երբեք չընդունող ու այդ պատճառաւ անձնասպանութեան դիմող մարդոց հոգեբանական կացութիւնը, սակայն, կը տարբերի ասպետական ոգիով իր կեանքին վերջ տուող զօրավարէն: Պարտութիւնը երբեք չընդունող մարդիկ այնքան շահամոլ կ՛ըլլան, որ չեն կրնար պատկերացնել ուրիշին յաղթանակը: Ամէն ինչ ի նպաստ իր անձին տեսնելու երեւոյթը ինքնին, հոգեբանական բարդ կացութիւն է, որմէ ձերբազատուելու համար պէտք է ուրիշներու համահաւասար գոյութիւնը ընդունիլ այս աշխարհի երեսին: Սակայն, շահամոլ մարդը այդ շնորհքէն զուրկ անհատն է, որուն ներաշխարհի հայելիին վրայ այլ նկար չի՛ գծագրուիր, բայց միայն ի՛ր պատկերը:
Միշտ յաղթական եղողը չի՛ կրնար սորվիլ կեանքի ամէնէն կարեւոր դասը՝ դարձեալ զերոյէն իր կեանքը սկսելու չարքաշութիւնը: Այդ տանջալից վերելքին փշոտ ճանապարհը ինքնին կէսն է ապագայ յաջողութեան:
Մարզական կեանքէ քաղուած պատկերները ամէնէն աւելի խօսուն են, որոնք կրնան լուսաբանական բացատրութիւններ տալ յաղթանակի ու պարտութեան զգացումներուն մասին: Յստակ է, որ իւրաքանչիւր խումբ հաւաքաբար, ու իւրաքանչիւր մարզիկ անհատապէս, յաղթելու փափաքով մարզադաշտ կը մտնէ: Սակայն պարտուելու պարագային միշտ կ՛ունենայ ցանկութիւնը՝ յաջորդ անգամ յաղթելու: Իսկ հակառակն ալ պէտք չէ մտահան ընել, այսինքն՝ յաղթելու պարագային ալ մարզիկներ միշտ այդ «յաղթանակով չգինովնալ»ու դաստիարակութիւնը կը ստանան, որպէսզի բաւարարուած չըզգան, ու յաջորդ անգամ պարտութիւն չկրեն: Մարզիչին մեծ դեր վերապահուած է այս առումով: Ան պէտք է յաղթանակի թէ պարտութեան պարագային կարենայ ճիշդ ուղղութիւն տալ, առաջինի պարագային քաջալերանքի հետ խստութիւն, իսկ երկրորդի պարագային լուրջ վերակազմակերպուածութեան հետ՝ խստապահանջութիւն գործադրելով:
Տեսնուած է, թէ սերունդէ սերունդ հարստութեան մէջ յղփացած կեանքով ապրած մարդոց զաւակները, երբ յանկարծ զր-կուին այդ ճոխութենէն, երկրի վրայ կ՛ապրին իսկական դժոխքը: Որովհետեւ անոնք իրենց նախկին կեանքի ընթացքին երբեք չէին «սորված» թէ ի՞նչ է զրկանքը կամ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ օրերով անօթի մնալը, թէ ի՞նչ զգացում է՝ տեսնել ուրիշները գոհացած ամէն տեսակի առաւելութիւններով ու «բարիքներով», իսկ իրենք՝ զրկուած նոյնիսկ նուազագոյնէն:
Ցեղասպանութենէն ետք Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ ծնած առաջին սերունդը զուրկ էր կենցաղային կեանքի ճոխութենէն: Շատեր կը պատմեն իրենց դպրոցական տարիներու մասին, դպրոցի շէնքին, դասարաններուն, գրենական պիտոյքներուն, դասագիրքերու պակասին եւ այլ կարիքներու մասին, որոնք երբեմն զարմանք կը պատճառեն անոնց հետեւող երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն: Անհանգիստ նստարաններով գրասեղաններ, կտաւէ պայուսակներ, դանակներով սրուող ածխամատիտներ ու ներկայ չափանիշներու համաձայն՝ ձախո՛ղ կրթական այլ պայմաններ, որոնք այդ օրերու համար, մեր ժողովուրդի կարողութեան չափով միակն էին: Վստահաբար կային տեղական դպրոցներ, ուր յաճախող աշակերտները շատ աւելի՛ լաւ պայմաններ ունէին, որովհետեւ չէին կրած մեր հայրերու աքսորականի կեանքը, ո՛չ ալ կրնային ըմբռնել թէ ի՞նչ կը նշանակէ վերապրիլ Եղեռնը, կամ վերընձիւղիլ մահէն: Հակառակ այդ պայմաններուն, սակայն, վերածաղկող սերունդը շատ աւելի գիտութիւն կրցաւ ամբարել, քան ուսումնական ու կրթական նոր չափանիշերուն համապատասխան մեծցող ներկայ սերունդը…
Զրկանք ու նեղութիւն չտեսած մարդը, որ կեանքի դժուարութեանց քուրայէն չէ՛ անցած, նախ չի՛ դիմանար տառապանքին, եւ երկրորդ՝ երբ չի՛ գիտեր, թէ ի՞նչ է պարտութիւն կրելու զգացումը, պատրաստ կ՛ըլլայ ամէն ինչ զոհելու՝ միայն յաղթելու համար: «Միայն ի՛մ շահս, միայն ի՛մ յաղթանակս» ըսելով ան յառաջ կ՛երթայ, առանց նկատի առնելու թէ իր ոտքին տակ կոխկռտուողները որո՞նք են: Անոնց շարքին կրնան ըլլալ իր ամէնէն մօտիկ հարազատները, բարեկամները, ընկերները, ծանօթները կամ պատահական մարդիկ:
Այս տեսակի մարդիկն են, որոնք իրենց հայրն ալ ծախու կը հանեն, ինչպէս կ՛ըսէ առածը: Միշտ իր շահը փնտռող ու ամէն կերպով շահաւոր եւ յաղթական դուրս գալու ցանկութիւն ունեցողը, օրին մէկը հայրը առած շուկայ կը տանի: Կը սկսի բարձրաձայն յայտարարել թէ՝ հայրը ծախու դրած է, ո՛վ որ ուզէ՝ կրնայ սակարկել արժէքի մասին: Ան կը մտածէ ըսելով. եթէ ծախուեցաւ՝ շահ է ինծի համար, իսկ եթէ ոչ՝ արդէն հայրս է, կը մնայ ինծի, դարձեալ շահաւոր եմ…
Իսկապէս ալ, երբ շուկայի անցորդները կը լսէին ծախուող այս տարօրինակ «ապրանք»ի մասին, յատկապէս ծանօթները կը մօտենային ու իրենց զարմանքը առանց թաքցնելու, կ՛ըսէին.
_ Միթէ՞ կարելի է…
Իսկ վաճառողը իր մտքէն արդէն իր յաղթանակը ապահովուած կը տեսնէր: Անոր համար ի՞նչ տարբերութիւն, թէ՝ վաճառուողը ո՞վ է, ի՞նչ է կամ ի՞նչ կը ներկայացնէ: Կարեւորը իր յաղթանակն է, որ երբեք պարտութեան չի՛ կրնար փոխուիլ, ի՛նչ գինով ալ ըլլայ: Նման մարդիկ են, որ ամէն սկզբունք կը զոհեն վասն սեփական յաղթանակի ու անձնական շահի:
Քաղաքական կեանքը շատ աւելի վատ օրինակները կը ներկայացնէ, քան՝ մարդոց ընկերային սովորական կեանքը: Ընտանիքի մէջէն վաճառքի հանուած հօր պատմութիւնը եթէ արտասովոր կը թուայ ոմանց, անդին քաղաքական հարթակի վրայ ինչքա՜ն հայրեր կը վաճառուին ամէն օր, քաղաքական ուժերու ձեռքին մէջ խաղալիքի վերածուելով: Անոնք հոլի նման ամէն վայրկեան ստիպուած են իրենք իրենց վրայ դառնալ ա՛յնքան՝ ինչքան զիրենք դարձնողը կը կամենայ, եւ ա՛յն ուղղութեամբ՝ որ զիրենք դարձնողը կը փափաքի դարձնել:
Մանուկներու համար ինչքա՜ն հաճելի է կեղծ պատուհանի ետին խաղցուող խամաճիկներու երկխօսութիւնները լսել ու անոնց շարժումները դիտել անյագ, որոնք կամ ցպիկներու ամրացուած բարակ պարաններով կը կատարուին, եւ կամ՝ ուղղակի ձեռքերու վրայ կը հագցուին: Այդ խամաճիկները զիրենք խաղցնողներու շահին մասին կը խօսին միայն: Միշտ յարձակողական կ՛ըլլան ու դիմացինը պարտութեան մատնելու ձգտումով առաջ կը մղուին: Պարտութիւն չկրելու այս երեւոյթը, առհասարակ շահամոլ մարդոց վարքագիծը կը ներկայացնէ եւ հայրը վաճառքի հանողի վարքագիծին հետ կը նոյնանայ:
Բնա՛ւ մի խորհիր որ եթէ հայրդ գնեն՝ շահաւոր պիտի ըլլաս: Այնպիսի հարստութիւններ ու արժէքներ կան կեանքի մէջ, զորս անհնար է վաճառքի դնել: Անոնցմէ ոմանք այնպիսի նուիրական սրբութիւններ են, որոնք հօր ու մօր նման անգին արժէքներ են, ու զանոնք կորսնցնելը իսկական աղքատութիւն պիտի սեպուի քեզի համար…