
«Ազդակ» կը տեղեկացնէ, թէ Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամետ Ամեր Մարտինի Նոյեմբեր 25ին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արշակ Փոլատեանի եւ առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ Դամասկոսի համալսարանին պատկանող «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»ին մէջ հայոց լեզուի ուսուցման կարելիութիւնը, առ ի պատրաստութիւն Դամասկոսի համալսարանին մէջ Հայագիտականի բաժանմունքի բացման:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան խորհրդական Տիգրան Գէորգեան, տոքթ. Նորա Արիսեան, Դամասկոսի համալսարանի ընդհանուր քարտուղարը, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի պետը եւ Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի վարիչը:
Հանդիպումին շեշտուեցաւ Դամասկոսի համալսարանի ցանկութիւնը տարբեր լեզուներու ուսուցման, մանաւանդ հայոց լեզուի՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ծիրին մէջ: