
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն փրոֆ. Ճորճ Պի. Քոֆմըն, յօդուածով մը անդրադարձած է Նոպէլեան

մրցանակներու յանձնախումբին կողմէ տոքթ. Ռէյմընտ Վահան Տամատեանի դէմ 2003ին տեղի ունեցած անարդարութեան, որուն հետեւանքով ան չստացաւ Նոպէլեան մրցանակը, հակառակ ախտաճանաչման եւ բժշկական քննութեանց համար կենսական նկատուող «Էմ.Առ.Այ.» գործիքի գիւտին մէջ անոր կենսական դերակատարութեան: Անոր փոխարէն, նոյն գիւտին համար մրցանակը շնորհուեցաւ միայն Փօլ Լոթընպըրին ու Փիթըր Մենսֆիլտին:
Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ օրին Տամատեանի համակիրները «Նիւ Եորք Թայմզ»ի, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի եւ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի նման թերթերու մէջ, մէկ էջնոց ծանուցումներ գնելով՝ բողոքած էին Տամատեանի դէմ անարդարութեան համար: Նման ծանուցումներ դրուած էին նաեւ շուէտական թերթերու մէջ:
Քոֆմըն կը գրէ, թէ Տամատեանի անտեսումը զայրացուցած էր գիտական եւ յատկապէս հայ համայնքը՝ աւելցնելով, թէ Տամատեանն էր, որ կատարած էր գործիքին հնարքը, մինչ մրցանակին արժանացողները պարզապէս բարելաւած էին զայն: Լոթընպըր նոյնիսկ ընդունած էր, թէ աշխատանքին մղիչ ուժերէն մէկը Տամատեանի գիւտն էր:
«Հակառակ անոր, որ օրէնքը կ՛արտօնէր, որ մինչեւ երեք հոգի մէկ մրցանակ ստանայ, Տամատեան դուրս պահելու որոշումը յստակօրէն դիտաւորեալ էր եւ անոր հաւանական պատճառներէն մէկը այն էր, որ ինք բժիշկ մըն էր, այլ ոչ թէ ակադեմական աշխատանք տանող գիտնական մը: Այլ պատճառներու շարքին կը նկատուին նաեւ մրցանակին տիրանալու համար Տամատեանի տարած քարոզչական լուրջ աշխատանքը, անոր ոչ դիւրամարսելի նկարագիրը եւ Տամատեանի այն համոզումը, որ աշխարհը ստեղծուած էր գերբնական ուժի մը կողմէ: Այս բոլորը, անշուշտ, արդարացի պատճառներ չէին մրցանակը Տամատեանին չշնորհելու համար», կը գրէ Քոֆմըն:

Տամատեան հասակ նետած է Նիւ Եորքի մէջ ու նախքան գիտական աշխարհին մէջ իր իրագործումները՝ ան Նիւ Եորքի «Ճիւլիըրտ» արուեստի վարժարանին մէջ ուսած ու վարպետ ջութակահար մը եղած է: Անոր մեծ մօր մահը պատճառ դարձած է, որ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ քաղցկեղի դարման մը գտնելու աշխատանքին վրայ, եւ տարիներու աշխատանքէ ետք, յաջողած է մինչեւ այսօր քաղցկեղի ախտաճանաչման համար լաւագոյն գործիքը նկատուող «Էմ.Առ.Այ.»ը հնարել:
Քոֆմըն կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը 1997ին «Ճի.Ի. Էլեքթրիք» ընկերութեան դէմ վճիռ մը արձակած էր՝ պահանջելով, որ Տամատեանին 128,705,766 տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ, «Էմ.Առ.Այ.»ի գիւտը շահագործելուն համար: Տամատեան նաեւ շարք մը մրցանակներ ստացած է, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու Ճարտարագիտութեան ազգային շքանշանը (1988):