ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Նովրուզ Մամետով յայտարարած է, որ Ատրպէյճան չի պատրաստուիր Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան՝ աւելցնելով. «Մենք կ՛ուզենք պատրաստել փաստաթուղթ մը, որ աւելի լաւ պիտի համապատասխանէ մեր յարաբերութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան մակարդակին»:
Ան նշած է, թէ Պաքու Եւրոպական Միութեան առաջարկած է, որ հաշուի առնելով համագործակցութեան արդէն իսկ ձեռք բերուած մակարդակը՝ ստորագրուի գործընկերութեան համաձայնագիր: «Նման համաձայնագիր մը պիտի արտացոլացնէ երկկողմ համագործակցութեան մակարդակը եւ պիտի ապահովէ փոխադարձ յարգանք եւ կողմերու հաւասարութիւն», ընդգծած է Մամետով:
Մամետով նաեւ հերքած է այն պնդումները, թէ ընկերակցութեան համաձայնագիրէն Ատրպէյճանի հրաժարումը Ռուսիոյ կողմէ ճնշումներու արդիւնք է:
Յայտնենք, թէ Ատրպէյճանն ու Եւրոպական Միութիւնը որոշած են ստորագրել մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման համաձայնագիր:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Հաքքանի» կայքը կը հաղորդէ, թէ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿի գրասենեակի ղեկավար Քորա Թարկա յայտնած է, որ 2014ի Յունուար 1էն սկսեալ, Պաքուի մէջ ԵԱՀԿի գրասենեակի կարգավիճակը պիտի սահմանափակուի ու գրասենեակը պիտի գործէ իբրեւ նախագիծեր համակարգող:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.