
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան հատուածի սահմանագիծ տուած այցելութեն ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին հարց տրուած է, որ եթէ Ատրպէյճան յարձակի Արցախի վրայ, ՀԱՊԿն ու ռուսական 102րդ ռազմակայանը պիտի պահպանե՞ն Արցախի անվտանգութիւնը: «Հայաստանի զինուած ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանական բանակի հետ միասին կ՛ապահովեն Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը: Զինուած ուժերն ի վիճակի են եւ դիմագրաւել, եւ նախայարձակ լինել: Իսկ եթէ ոտնձգութիւն լինի, ապա Հայաստանի հետ համագործակցող ռուսական 102րդ ռազմաբազան նաեւ ՀԱՊԿի շրջանակներում կը պահպանի Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը Հայաստանի զինուած ուժերն են», հաստատած է նախարարը:
Օհանեանի համաձայն, հայ խաղաղապահները միջազգային խաղաղապահութեան եւ անվտանգութեան իմաստով իրենք զիրենք լաւապէս կը դրսեւորեն եւ պատասխանատու ծառայութիւն կը կատարեն: «Մեր երկրի սահմաններում տեղակայուած հայ խաղաղապահներն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները բարձր կերպով են իրականացնում: Մեր ուժերով մեր առջեւ դրուած խնդիրները իրականացրել եւ իրականացնում ենք», հաստատած է նախարարը՝ ի պատասխան այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ ապագային ռուս խաղաղապահները հսկեն Արցախի սահմաններուն եւ ապահովեն անվտանգութիւնը:
Խօսելով Ռուսիայէն եկած սպառազինութեան մասին՝ ան դիտել տուած է. «Ռուսաստանի հետ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան վերջին համաձայնագիրը զարգացման նպատակ ունի: Այն հնարաւորութիւն կը տայ զարգացնել ռազմական արդիւնաբերութիւնը, որպէսզի տեղական կազմակերպութիւններն այդ համաձայնագրով հնարաւորութիւն ունենան համագործակցել Ռուսիոյ համապատասխան կազմակերպութիւնների հետ եւ գործարքներ կնքել»։ Ան աւելցուցած է, որ զարգացման նպատակը մէկ է՝ ապահովել Հայաստանի զինուած ուժերը հեռահար, ճշգրիտ, յատուկ արժէք ունեցող սպառազինութեամբ, որով կարելի է կանխարգիլել, նաեւ յատուկ գործողութիւններ իրականացնել անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
Նախարար Օհանեան նշած է, որ Ռուսիա զէնք կը մատակարարէ Ատրպէյճանին՝ պահպանելով հաւասարակշռութիւնը: Լրագրող մը հարցուցած է, որ ի՞նչպէս կարելի է այդ մէկը ընել, իսկ նախարարը պատասխանած է. «Հաւասարակշռութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ համապատասխան միջոցառումներ են անցկացւում: Աշխատանքներն այդ ուղղութեամբ ճիշդ են ընթանում: Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարներն այսօր այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ են տանում, որի արդիւնքները մօտ ապագայում կ՛երեւան», հաստատած է նախարարը:
Բացատրութիւնները քաջալերական են, բայց չեն բաւեր.
Ընդունելի չէ որ թշնամին՝ անպատիժ կարենայ շարունակել մահացու ռմբակոծումները սահմաններու երկայնքին.
Մենք կսպասենք մեր բանակէն թշնամին մոխրացնող հակահարուածներ որպէսզի թշնամին գիտնայ պատիժին ծանրութիւնը.
Խանասորի Արշաւանքը պատերազմ չէր, բայց դաս մըն էր թշնամիին համար.
Մեր բանակը պէտք է ցոյց տայ իր զորութիւնը.
Վահան Վանական, Զուիցերիա