
ՄՈՍԿՈՒԱ.- 26-28 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Երեւանի օրերու ծիրին մէջ պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցած է Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոպեանինի հետ: Վերջինը կարեւոր նկատած է երկու մայրաքաղաքներու գործակցութեան ընդլայնումը՝ հաստատելով, որ Երեւան վստահելի գործընկեր է Մոսկուայի համար: Անոր համաձայն, երկու երկիրները բարեկամական կապերը վերածած են գործնական, շօշափելի արդիւնքներ տուող յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան՝ յոյս յայտնելով, որ ապագային անոնք առաւել եւս կը սերտանան ու կ՛աշխուժանան։ Մոսկուայի քաղաքապետը կարեւոր նկատած է նաեւ Մոսկուայի հայ համայնքին դերակատարութիւնը: Անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ Երեւանի օրերու կայացման՝ Սերգէյ Սոպեանինը նաեւ դիտել տուած է, որ այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր է երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ համագործակցութեան նոր բնագաւառներու յայտնաբերման իմաստով։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ բարեկամական ու գործընկերային յարաբերութիւնները՝ Տարօն Մարգարեան կարեւոր նկատած է բոլոր մակարդակներու մէջ երկուստեք յարաբերութիւններու խորացումն ու ընդլայնումը՝ համոզմունք յայտնելով, որ համատեղ նոր ծրագիրներու իրականացման ծիրին մէջ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի։ Անոր համաձայն, Երեւանի համար կարեւոր են յատկապէս այն ծրագիրները, որոնք կը ծառայեն քաղաքային տնտեսութեան զարգացման:
Այնուհետեւ երկու մայրաքաղաքներու քաղաքապետները ստորագրած են Մոսկուայի կառավարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին միջեւ 2014-2016 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրը, որով կը նախատեսուի շարունակել եւ առաւել ընդլայնել առկայ համագործակցութիւնը՝ առեւտրատնտեսական, ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ քաղաքային տնտեսութեան կարգ մը բնագաւառներու մէջ։
Երեւանի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի օրերու բարձր մակարդակով կազմակերպման համար եւ Սերգէյ Սոպեանին հրաւիրած է Երեւան։