
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանը եւ Ռուսիան ստորագրած են կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած ադամանդի արտածման մաքսատուրքը ջնջելու վերաբերող համաձայնագիր: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն ներկայութեան, այս համաձայնագիրը ստորագրած են Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը եւ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքը:
Հայաստանը եւ Ռուսիան ստորագրած են նաեւ 2014-2017 թուականներուն համար նախատեսուած տնտեսական համագործակցութեան նախաձեռնութիւններու ծրագիրը: Բացի ատկէ, «Ռոսատոմ»ի ղեկավար Սերգէյ Գիրիենքոն եւ Արմէն Մովսիսեանը ստորագրած են հիւլէական անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանն ու Սերգէլ Լաւրովը ստորագրած են 2014-2015 թուականներու խորհրդակցութիւններու կայացման ծրագիրը: Կնքուած են նաեւ այլ բնագաւառներու վերաբերող համաձայնագիրներ։