
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Օրհան Քեմալ Ճենկիզ «Ռատիքալ»ի մէջ ստորագրած է յախուռն յօդուած մը՝ խիզախօրէն հարց տալով, թէ ե՞րբ արդեօք Թուրքիոյ վարչապետ մը քաջութիւնը պիտի ունենայ ծունկի գալու 1915ի հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ ներողութիւն խնդրելու անոնցմէ։ Ան միաժամանակ հարց կու տայ, թէ ե՞րբ արդեօք Թուրքիոյ մէջ վարչապետ մը քաջութիւնը պիտի ունենայ Թուրք ժողովուրդին ճակատէն սրբելու Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արատը։ Յօդուածագիրը այս բախտորոշ հարցումներուն կը սկսի՝ յիշելով Գերմանիոյ երբեմնի վարչապետ Վիլի Պրանտը, որ Լեհաստանի մէջ հրեաներուն ի յիշատակ կառուցուած յուշարձանին առջեւ ծունկի եկաւ ու առանց բառ մը արտասանելու շատ բան ըսած եղաւ՝ ի յիշատակ այդ զոհերուն։
Ի միջի այլոց, Ճենկիզ կը գրէ. «Վարշաւիոյ մէջ անձրեւոտ օր մըն էր, գետիններն ալ թաց էին, Դեկտեմբեր 7, 1970ին։ Գերմանիոյ վարչապետ Վիլի Պրանտ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էր Վարշաւիա։ Ան Հրէական ողջակիզման զոհ գացած հրեաներու յուշարձանը եկաւ, նախ մեխակներ դրաւ հոն, ապա քայլ մը ետ գնաց ու ըրաւ այն շարժումը, որ ամբողջ պատմութեան մը գնացքը պիտի փոխէր։ Ծնրադրեց թաց հողին վրայ, ձեռքերը միացուց իր առջեւ ու հոն այդպէս կեցաւ առանց խօսելու։ Առանց բառ մ՛իսկ ըսելու՝ ան ըսաւ այնքան շատ բան, որքան չէր կրնար ըսել ամբողջ գիրք մը։ Ան այդպէս ծնրադրելով՝ բարձրացուց իր ազգը, շէնցուց հրեայ զոհերուն հոգիները։ Օր մը մենք ալ Պրանտի չափ քաջ վարչապետ մը պիտի կարենա՞նք ունենալ։ Օր մը Թուրքիոյ մէջ ալ պիտի յայտնուի՞ քաջարի առաջնորդ մը, որ թուրք ժողովուրդին ճակատէն պիտի սրբէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արատը»։
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ 2009ին Էրտողան ըսած էր խօսք մը, որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէր այս նիւթին վերաբերեալ։ Այն ատեն կարծուեցաւ, որ Էրտողան կրնար այս հանգոյցը քակել։ Էրտողան ըսած էր, թէ տարբեր ազգութիւն ունեցողները այս երկիրէն վռնտուած էին ու ասիկա ֆաշական արարք էր։ Էրտողան այս կերպով այս ժողովուրդին խղճմտանքը կը փրկէր սառեցումէ։
«Բայց, դժբախտաբար, Էրտողան անկէ աւելի անդին չգնաց. անոր խօսքը օդին մէջ մնաց։ Այսօր Էրտողան փոքրամասնութիւններուն մասին բնաւ չի խօսիր, երբ կը խօսի Թուրքիոյ հայրենակիցներուն մասին։ Լրատուամիջոցներու մէջ հրատարակուած լուրերէն յայտնի կը դառնայ, որ կառավարութիւնը ամուր փարած է հարիւր տարիներէ ի վեր յառաջ քշուած կաղապարներուն։ Էրտողան մէկ կողմէ Զուիրեցիոյ կ՛առաջարկէ, որ վարագոյրի ետեւէն միջնորդութիւն ընէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ, իսկ միւս կողմէ կը ջանայ արգելք ըլլալ այն յուշարձանին, զոր հայերը բանալ կ՛ուզեն Ժընեւի մէջ։ Պիւլենտ Արընչ խորհրդարանին մէջ կը պատմէ, թէ Թուրքիա 1915ի հարիւրամեակին առթիւ կը կատարէ այնպիսի պատրաստութիւններ, որոնք կրնան ազդել ամբողջ աշխարհին վրայ։ Կարծես թէ գովելի գործ կը տեսնեն։ Թուրքիոյ պատմութեան կաճառն ալ բազմաթիւ գիրքեր պիտի հրատարակէ 1915ի հարիւրամեակին առիթով։ Վարչապետարանն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմաթիւ խումբեր կազմեր են, որպէսզի ամբողջ աշխարհին բացատրուի թրքական տեսակէտը։ Կուսակցութիւնները, որոնք ոչ մէկ խնդիրով իրարու կը միանան, քով քովի եկեր են ու խօսեր են հարիւրամեակին մասին։ Եթէ չենք կրնար յարգանքով ծնրադրել իրենց կեանքը կորսնցուցած անհամար անմեղներու յիշատակին առջեւ, ապա գոնէ լռելու, բան մը չընելու իմաստութիւնը ունենայինք։ Եթէ չի յայտնուիր Պրանտի նման վարչապետ մը, որ զոհերու յիշատակին առջեւ պիտի ծնրադրէր, ապա գոնէ սա ամբողջ աշխարհը համոզելու մեր ճիգերէն հրաժարէինք։ Քիչ մը պէտք է մտածենք այս մասին», կ՛եզրակացնէ Ճենկիզ։