ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 3 Դեկտեմբերին «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» միջազգային կազմակերպութեան հրապարակած Կաշառակերութեան (փտածութեան) վերաբերող վերջին զեկոյցին մէջ Հայաստան 11 կէտով բարելաւած է իր դիրքերը: 177 երկիրներու մէջ Հայաստան կը գտնուի 94րդ հորիզոնականի վրայ (նախորդ տարի 105րդ էր):
Ատրպէյճան 127րդ դիրքի վրայ է, Վրաստանը՝ 55րդ, Թուրքիան՝ 53րդ, իսկ Իրանը՝ 144րդ, իսկ Ռուսիան՝ 127րդ:
Իսկ աշխարհի ամէնէն քիչ փտածութիւն ունեցող երկիրներն են Դանիան եւ Նիւ Զելանտան, որոնք հաւասար միաւորներով կիսած են լաւագոյն դիրքը: Ըստ զեկոյցին, ամէնէն աւելի փտած երկիրներն են Աֆղանիստանը, Հիւսիսային Քորէան եւ Սոմալը:
Տարբեր երկիրներու մէջ փտածութիւնը ճշդող ցանկը հիմնուած է փորձագիտական գնահատականներու եւ անկախ կազմակերպութիւններու հարցախոյզի տուեալներուն հիման վրայ, որոնք կը վերաբերին տեղեկատուութեան մատչելիութեան, պետական պաշտօնեաներու կաշառակերութեան, պետական գնումներու ոլորտին մէջ խախտումներուն, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ օրէնքներու կիրարկումին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.