«ՓանԱրմինիըն» կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Նոյեմբերի 30ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու խորհրդակցութիւնը: Կազմակերպութիւններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները քննարկեցին այն խնդիրները, որոնք թոյլ չեն տար զարգացնել փոխգործակցութիւնն ու տեղեկատուութեան ապահովումը իրենց միջեւ:
Հաշուի առնելով յարաբերութիւններու ամրապնդումը Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Մոսկուայի հայ համայնքի հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, որոշուեցաւ կազմել Ռուսիոյ հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդը՝ ՌՀԿԽը: Խորհուրդի կազմութեան նպատակն է ձեռնարկներու ծրագրումը, կազմակերպումը, տեղեկատուութեան ապահովումն ու համատեղ կատարումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հայ համայնքի մերձեցումն ու համախմբումը:
Համակարգող խորհուրդին կ՛անդամակցին «ՀԱՅԱՍԱ»ն, Ռուսիոյ մէջ ԼՂՀ ներկայացուցչութիւնը, «Ռուս-հայկական ռազմավարական ու հասարակական նախաձեռնութիւնների աջակցութեան կենտրոնը», Երիտասարդ պրոֆեսիոնալների միութիւնը, ՍԻՎԱՄը, Ռուսիոյ ջավախահայերու համայնքը, Ռուսիոյ համշենահայերու համայնքը, Հայկական դասական երաժշտութեան զարգացման միջազգային կազմակերպութիւնը, «Արարատ» կրթամշակութային ընկերակցութիւնը, Արեւմտեան հայերի ազգային կոնգրեսը, «Առաջնորդ» մանկական մարմնամարզական եւ կրթական միաւորում ինքնավար ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը, Armenia-online եւ ArmBook համացանցի «փորթըլ»ները:
Խորհուրդի անդամ դարձած իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն հերթով պիտի առաջադրէ իր թեկնածուները մէկ ամիս ժամկէտով: Առաջին պատասխանատու քարտուղար ընտրուեցաւ «Ռուս-հայկական ռազմավարական ու հասարակական նախաձեռնութիւնների աջակցութեան կենտրոն»ի ներկայացուցիչ Արամ Խաչատրեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.