ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Միշտ ալ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Ամերիկայի հայկական համայնքը ինչպէս կը դիտուի օտարներուն կողմէ: Այդ պատկերը աւելի գրաւիչ կը դառնայ, երբ գնահատականը կը տրուի ամերիկացի դիւանագէտի մը կողմէ՝ ներքին զեկոյցի մը մէջ:
«Ուիքիլիքս»ը հրապարակած է մեծ թիւով ամերիկեան կառավարական գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնց մէջ՝ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հեռագիրները՝ յղուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Այդ զեկուցագիրներէն մէկը, 17 Նոյեմբեր 2009 թուակիր, դեսպան Մերի Եովանովիչի «գաղտնի» զեկոյցն է, որ կ՛ընդգրկէ 2009 թուականին անոր տուած շրջագայութիւնը՝ Լոս Անճելըս, Պոսթըն, Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթըն քաղաքներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք դեսպանին «Սփիւռքի համայնքներու ներգրաւման փորձը. Հայաստան» խորագիրը կրող զեկոյցէն որոշ ուշագրաւ հատուածներ.
1. Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմը «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի իշխանութեան տակ է», մինչդեռ Առաջնորդարանը «կը ճանչնայ իրաւասութիւնը Հայոց կաթողիկոսին (հայ եկեղեցւոյ պետ), որ հաստատուած է Անթիլիասի մէջ, Լիբանան: Ասիկա միայն վարչական նպատակներով է, սակայն, Կիլիկիոյ առաջնորդարանը կը ճանչնայ Հայաստանի Էջմիածինի կաթողիկոսին աստուածաբանական գերակայութիւնը: Կիլիկիոյ առաջնորդարանը կապուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ, որ հիմնադրուած է 1890 թուականին եւ կը հանդիսանայ ամերիկահայութեան երեք մեծագոյն հատուածներէն մէկը եւ իր բնոյթով պահպանողական է»: Զեկոյցին մէջ կը բացատրուի, որ «ՀՅԴն երկու նպատակ ունի. 1915 թուականի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հայերու ջարդերու ճանաչումը իբրեւ ցեղասպանութիւն եւ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ աւանդական հայկական տարածքներու վերականգնումը»: Վստահաբար կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը գոհ պիտի չըլլար այն իրողութենէն, որ ամերիկացի դիւանագէտը Թուրքիոյ հատուածները ներկայացնէր իբրեւ «աւանդական հայկական տարածքներ»: Բացի ատկէ, զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ՀՅԴն «կ՛աջակցի կանանց օժանդակ միութեան՝ ճանչցուած իբրեւ Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ), ի լրումն երիտասարդական եւ մշակութային միութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող լրատուամիջոցներուն մեծ ցանցի, ներառեալ՝ թերթեր, ձայնասփիւռ եւ պատկերասփիւռի կայան»:
2. Զեկոյցին մէջ ամերիկահայ կաթողիկէները ներկայացուած են իբրեւ «կրօնական ամէնէն փոքր յարանուանութիւնը… Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կ՛աջակցի քիչ թիւով դպրոցներու եւ որբանոցներու, բայց գրեթէ ոչ մէկ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ»:
3. «Հայ աւետարանական համայնքը կը նկատուի հայկական հնագոյն համայնքը Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ անոր անդամները շատ գործունեայ են՝ Ամերիկայի հայ աւետարանական ընկերակցութեան ընդմէջէն»:
4. «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն»ը (ՀԲԸՄ), որ հիմնադրուած է 1906 թուականին, երկրորդ մեծ հատուածն է եւ մեծագոյն բարեսիրական կազմակերպութիւնը հայկական համայնքին մէջ… Անոնք կապուած են Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ), նաեւ յայտնի են իբրեւ ռամկավարներ, որոնք գործունեայ են (բայց լուսանցքային) Հայաստանի, ամերիկահայ համայնքին եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս՝ Լիբանանի»:
5. «Հնչակները կամ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, երրորդն է հայկական համայնքի քաղաքական կազմակերպութիւններու խումբին մէջ եւ ամենասակաւաթիւը: Անիկա կը գործէ իբրեւ քաղաքական ա-կումբ Քալիֆորնիոյ մէջ եւ կը հրատարակէ շաբաթաթերթ մը»:
6. Զեկոյցին մէջ կը թուարկուին նաեւ «անկախ կազմակերպութիւններ, որոնք քաղաքական բնոյթ չունին», ինչպէս՝ Ամերիկայի հայկական համագումարը (ԱՀՀ), Լինսի հիմնարկը, Քաֆէսճեան հիմնարկը եւ Թուֆէնկեան հիմնարկը: Հետաքրքրական է, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) տեղադրուած է այս կարգին մէջ, հակառակ անոր որ զեկոյցը կ՛ընդունի, որ Հայ Դատի յանձնախումբը «ընդհանուր առմամբ կը ճանչցուի իբրեւ դաշնակցականներու լոպպիստական կազմակերպութիւն»:
7. Մարդասիրական խումբին մէջ զեկոյցը կը յիշատակէ Հայ օգնութեան ֆոնտը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը, Ճինիշեան հիմնարկը, Հայկական ակնաբուժական ծրագիրը եւ Հայաստանի ծառատունկ ծրագիրը, սակայն չի նշուիր Միացեալ հայկական հիմնադրամի մասին, որ 700 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հասցուցած է Հայաստան 1988 թուականի երկրաշարժէն ի վեր:
8. Դեսպան Եովանովիչ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Սփիւռքի հետ կապ հաստատելու օրինակներ:
9. Զեկոյցին մէջ հայկական Սփիւռքը կը քննադատուի՝ «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, ընտրական բարեփոխումներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման» չաջակցելուն մէջ: Սակայն, հոն կը նշուի, որ ամերիկահայերը նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրեն երկու վերլուծական կեդրոններու՝ Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին եւ «Սիվիլիթաս» հիմնարկին:
Դեսպան Եովանովիչի զեկոյցին ամէնէն հետաքրքրական բաժինը կը վերաբերի Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն: Ան կը պնդէ, որ ամերիկահայ կազմակերպութիւնները «սեւեռուն ուշադրութիւն կը դարձնեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան որոշումներուն եւ արագօրէն իրենց աջակիցները կը համախմբեն ընդդէմ Հայաստանի կառավարութեան, եթէ Սփիւռքի խումբերը տեսնեն, որ կառավարութիւնը չի գործեր Հայաստանի լաւագոյն շահերէն մեկնելով: Մեծաթիւ խումբեր դէմ հանդէս եկած են կառավարութեան տարածաշրջանային հաշտեցման ջանքերուն, այն հիմնաւորումով, որ նման հաշտեցումը չ՛ընդգրկեր Լեռնային Ղարաբաղի եռացող հակամարտութեան լուծումը կամ ճանաչումը կամ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը: Այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս Ամերիկայի հայկական համագումարը եւ ՀԲԸՄը, հրապարակայնօրէն կ՛աջակցին կառավարութեան քաղաքականութեան, ուղղուած տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ Կովկասի մէջ Հայաստանի մեկուսացման վերջ դնելուն: 2009 թուականի Սեպտեմբերին, ԱՀՀը, ՀԲԸՄը, Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու եկեղեցիները եւ ռամկավարները հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որով կ՛աջակցէին նախագահ Սարգսեանի՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման արտաքին քաղաքականութեան»:
Թէեւ դեսպանին զեկոյցը կը պարունակէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ, սակայն անիկա ճշգրիտ եւ համապարփակ ձեւով չի բնութագրեր ամերիկահայ համայնքին ամբողջ պատկերը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը