ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 1993էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայաստանի մէջ այլեւս չկան բանտարկուած Եհովայի վկաներ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Եհովայի վկաներ» կայքը: Այս տարիներուն բանտարկուած են 450 երիտասարդներ, որոնք մերժած են բանակին մէջ ծառայել։
Յիշեցնենք, որ այս տարուան 2 Մայիսին Ազգային ժողովին կողմէ որդեգրուեցան «Այլընտրանքային ծառայութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները, որոնք հիմնականօրէն կը համապատասխանեն Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկներուն:
Սեպտեմբեր 2013ի դրութեամբ, ըստ «Եհովայի վկաներ» կազմակերպութեան տրամադրած տուեալներուն, 99 անձ դիմած է այլընտրանքային ծառայութեան անցնելու համար, անոնցմէ 21ը բանտարկուած են, որովհետեւ ընդհանրապէս մերժած են բանակին մէջ ծառայել։
Նոյեմբերի աշնանային զօրակոչին ընթացքին «Եհովայի վկաներ» կազմակերպութեան անդամները պիտի անցնին այլընտրանքային աշխատանքային (ոչ զինուորական) ծառայութեան: Դիմումներու քննութիւնը կը կատարէ այդ նպատակին համար ստեղծուած միջգերատեսչական Հանրապետական յանձնաժողովը: Յանձնաժողովին մէջ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ներկայացնէ փոխնախարար Արա Ղազարեանը: Արդէն պատրաստուած է ցանկը այն հաստատութիւններուն, ուր անոնք պիտի կարենան այլընտրանքային աշխատանքային ծառայութիւն կատարել:
Հոկտեմբեր 23ին եւ Նոյեմբեր 12ին Հանրապետական յանձնաժողովը ուսումնասիրած եւ համաձայնութիւն տուած է 71 զօրակոչիկներու դիմումներուն: Մնացեալ դիմումները տակաւին կ՛ուսումնասիրուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.