
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստան-Ֆրանսա պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի անդամները Հայաստան կը գտնուին պաշտօնական այցելութեամբ. ինչպէս նախորդ այցելութիւններուն, այս անգամ եւս անոնք այցելած են Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած անմար կրակին շուրջ՝ յարգելով մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը։
Խումբի նախագահ Ռընէ Ռուքեն յիշեցուցած է, որ իրենք մնայուն կերպով ֆրանսահայութեան կողքին են եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցող Ապրիլ 24ի նախաձեռնութիններուն։ Խումբի փոխնախագահ, Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ նշած է, որ թէեւ թուրքերը ընկերային ցանցերու մէջ կը շարունակեն իր հասցէին սպառնալիք ու վիրաւորական արտայայտութիւններ տարածել, բայց իրենք կը շարունակեն աշխատանքը՝ օրինագիծի նոր տարբերակը ներկայացնելու ուղղութեամբ:
«Մենք՝ խորհրդարանականներս եւս պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: Քանի մը պաշտօնակիցներով պատրաստած ենք շարք մը նախագիծեր, որոնք կարելիութիւն պիտի տան ընդունելու օրէնքը: Իրականութեան մէջ ասիկա մեկնաբանութեան խնդիր է, որովհետեւ մենք խօսած ենք սահմանադրական իրաւունքի տարբեր մասնագէտներու հետ, որոնք ընդգծած են, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծը ամբողջովին սահմանադրական է: Պէտք է աշխատինք այս մասին համոզել ուրիշները», նշած է Վալերի Պուայէ:
«Վերջերս նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին վստահեցուց, որ օրինագիծը մշակման հանգրուանի մէջ է: Բայց այս անգամ անիկա պիտի ներկայացուի ո՛չ թէ խորհրդարանին, այլ կառավարութեան կողմէ: Այսպիսով հաւանաբար կրնանք շրջանցել Սահմանադրական խորհուրդի արգելքը եւ ընդունիլ օրէնքը», ըսած է Ռընէ Ռուքեն: