– Դեկտեմբեր 4ին հաղորդուեցաւ, թէ այս տարուան երրորդ եռամեսեակին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը աճած է 3.6 տոկոսով, ինչ որ ամէնէն արագ աճն է 2012ի առաջին եռամսեակէն ի վեր: Նոյն օրը նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ նախորդ շաբթուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով անգործութեան ապահովագրութեան գրասենեակէն նպաստ ստանալու դիմում կատարողներուն թիւը 23,000ով նուազած է՝ իջնելով 298,000ի, ինչ որ գրեթէ ամենացած թիւն է վերջին վեց տարիներուն ընթացքին: Այս տուեալին չորս շաբաթեայ միջինը եւս նուազած է 10,750ով՝ իջնելով 322,250ի: Նուազումը 7րդն էր վերջին 8 շաբաթներուն ընթացքին:
– Ֆրանսացի փորձագէտներ ժխտած են այն հաւանականութիւնը, որ ՊԱԿի նախկին ղեկավար Եասեր Արաֆաթ մահացած էր թունաւորման հետեւանքով։ Ֆրանսացի մասնագէտներու կարծիքով՝ Արաֆաթ մահացած է բնական մահով, իսկ մահուան անմիջական պատճառը եղած է «ընդհանուր վարակում» մը։ «Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ փորձագէտներ հետազօտած են Արաֆաթի գերեզմանէն նմոյշներ, որոնք նաեւ ուղարկուած էին Զուիցերիա ու Ռուսիա։ Զուիցերիացի մասնագէտներ հրապարակած էին իրենց եզրակացութիւնը՝ նշելով, որ Արաֆաթի մարմինին մէջ իրօք երեւան հանուած էր փոլոնիումի մեծ քանակութիւն, որ հաւանական կը դարձնէր թունաւորման վարկածը։ Ցարդ, ռուսական հետախուզութեանց արդիւնքները չեն հրապարակուած: Արաֆաթ մահացած էր 2004ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.