ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին, Պրիւքսէլի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-Ռուսիա խորհուրդի նախարարական ժողովէն ետք անջատ հանդիպում մը ունեցած են՝ փակ դռներու ետին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Լաւրով եւ Քերի քննարկած են Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով կազմակերպուող «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «փոխանցման հանգրուանի ընթացքին Սուրիոյ նախագահ պիտի մնայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.