ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին, Պրիւքսէլի մէջ բացուեցաւ քրտական 10րդ համագումարը, որ գլխաւորաբար պիտի զբաղի Թուրքիոյ քիւրտերու հետ հաստատուած հաշտութեան նոր գործընթացի հարցով։ Կազմակերպիչները այս համագումարին մասնակցելու հրաւէր յղած էին թէ՛ վարչապետ Էրտողանին եւ թէ բանտարկուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանին։ Այս վերջինէն խնդրուած էր, որ գրաւոր կերպով հաղորդէր իր խօսքը, բայց անկէ որեւէ պատասխան չէր ստացուած։ Էրտողան եւս անպատասխան ձգած է դիմումը:
Մասնակիցներու շարքին էին յայտնի քիւրտ գործիչներ, ներառեալ՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Կիւլթան Քըշանաք եւ Տիգրանակերտէն երեսփոխան Լէյլա Զանա։
Փրոֆ. Գարին Վեսթրհայմ նեցուկ կանգնած է հաշտութեան գործընթացին եւ կոչ ըրած է Եւրոմիութեան, որ դեր մը ստանձնէ այս աշխատանքին մէջ, իսկ Եւրոխորհրդարանի Կանաչներու խմբակի նախագահ Կապի Ցիմեր ըսած է, թէ գործընթացը ներկայիս կ՛անցնի դժուար հանգրուանէ մը՝ ցաւ յայտնելով, որ ցարդ յստակ ժամանակացոյց մը չէ ճշդուած:
Լէյլա Զանա յայտնած է, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հարիւր տարիէ ի վեր պարտադրուած կաղապարները փշրած է այլեւս, ու պնդեց, որ բանակցութիւնները կը յառաջանան մեծ հեղինակութիւն ունեցող երկու առաջնորդներու՝ Էրտողանի ու Օճալանի կողմէ։ Զանա նաեւ կոչ ըրաւ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը դուրս հանուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.