Վարեց՝ ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Կան դէպքեր, որոնք կը պարտադրեն մարդուն ժխտական դառնալ կեանքին եւ շրջապատին հանդէպ, նաեւ կան օրեր, երբ անակնկալօրէն եւ մէկ ակնթարթի մէջ, կեանքը քեզի համար կը դառնայ լուսատու լապտեր մը, շնորհիւ անծանօթի մը, երբ աշխարհի վրայ քեզի համար ալ գոյութիւն չունէր «լաւ մարդ»ը: Վերջինին նման էր Ամերիկայի Նորթ Հիլզ քաղաքի մէկ անկիւնը բնակող, մեզի անծանօթ, բայց եւ այնպէս հոգեհարազատ արուեստագիտուհի Սալբի Դարինեանին հետ հանդիպումը:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Հայ գաղութը բնաւ ծանօթ չէ ձեզի, արդեօք կարելի՞ է հակիրճ կենսագրութիւն մը տալ մեր ընթերցողներուն:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ. Ծնած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, փոքր տարիքէս ընտանիքով փոխադրուած ենք Պէյրութ՝ Լիբանան: Վարժարան յաճախած եմ մինչեւ 8րդ դասարան: Փոքր էի, երբ Լիբանանի պատերազմը սկսաւ եւ երկարատեւ պատերազմի այդ ահռելի օրերուն, շատ ծանր վիրաւորուեցայ եւ կրնամ ըսել, հրաշքով բժիշկները կրցան փրկել կեանքս, բաւական կազդուրուելէս ետք, 1987 թուականին փոխադրուեցայ Ամերիկա, իսկ իմ գալէս մի քանի տարի ետք, ընտանիքս ալ գաղթելով Լիբանանէն, փոխադրուեցաւ այստեղ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ. Ո՞ր տարիքին աշխատանքի լծուած էք եւ ի՞նչ ձեւով կրցաք ստանձնել այսպիսի ձեւաւորումներ:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ. Երեւի 15 տարեկանէս արդէն կարի գործի մէջ էի, բայց հոս գալէս մի քանի տարիներ ետքն էր, որ շարժանկարի եւ հեռատեսիլի արուեստանոցի մէջ, դերասան-դերասանուհիներու տարազներու ուլունագործութեան վրայ կ՛աշխատիմ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ. Ի՞նչն էր, որ ձեզ մղեց ընտրել ուլունքի գործը:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ. Օրէն կը սիրէի կարել եւ միշտ ալ մնացած եմ կարի գործի մէջ, սիրած եմ նորաձեւութիւնը, յօրինուածքը, հաւանաբար այդ էր, որ մղեց զիս ընտրելու ուլունքի մասնագիտութիւնը:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ. Իսկ ինչպէ՞ս յաջողեցաք մտնել ամերիկեան շարժապատկերի աշխարհ, այսինքն ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս նկատեցին ձեր արուեստը:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ. Միշտ կ՛ուզէի ամերիկեան շարժապատկերի մեծ ընկերութեան մը մէջ աշխատիլ, վստահ էի, որ աշխատանքս կրնար գնահատուիլ: Շարժապատկերի արուեստանոցի մէջ մտնելու համար պէտք էր նախ ժամեր հաւաքել՝ աշխատելով ընկերութեան մը մէջ, որուն մասնագիտութիւնը միայն համագործակցութիւնն է շարժապատկերի մեծ ընկերութիւններու հետ, որպէսզի կարենայիր անդամ դառնալ «ընտանեկան տարազներու միութեան»: Ծանօթ մը ունէի, որ տարիներով հոն աշխատած էր եւ մօտէն ծանօթ էր տարազի նորաձեւութեան յայտնի նորարար Պապ Մաքիին: Երբ նկատեց աշխատելու փափաքս ամերիկեան մեծ ընկերութիւններու մէջ, առաջարկեց իր օգնութիւնը, եւ ես կրցայ մտնել Պապ Մաքիի արհեստանոցը: Կը կարծէի, որ լաւ մարդ չէր մնացած աշխարհի մէջ, բայց սխալած եմ. օր մը յանկարծ հեռաձայն ստացայ Կարինէ անունով տիկինէ մը: Ան ամենայն անկեղծութեամբ յայտնեց, որ թէպետ անծանօթներ էինք իրարու, սակայն լսելով գործիս մասին՝ իմ հեռաձայնիս թիւը տուած էր հեռատեսիլի մեծ ընկերութեան մը, որոնք պիտի հեռաձայնէին ինծի: Երբ ըսի, թէ զիս անձամբ չէր ճանչնար, ան ամենայն հանդարտութեամբ ըսաւ. «Կարեւոր չէ ծանօթներ ըլլայինք, կարեւորը որ հայ էինք երկուքս ալ, եւ այդ բաւարար էր իրեն օգտակար դառնալու»: Ուրեմն, Կարինէի օգնութեամբ ես սկսայ հեռատեսիլի CBS ալիքը աշխատելու, ստանձնելով «Dancing With The Stars» յայտագիրի տարազներու ուլունագործութիւնը: Տարին գրեթէ եօթը ամիս հոն կ՛աշխատիմ, քանի որ յայտագիրը երկու շրջան կ՛ըլլայ, ամէն մէկը երեք ամիս:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Մինչեւ այսօր քանի՞ շարժապատկերներու մէջ ձեր աշխատանքը ցուցադրուած է եւ ի՞նչ են անունները, քանի մը անուններ եթէ տաք…
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Մօտաւորապէս երեք-չորս շարժապատկերներու մէջ ցուցադրուած է աշխատանքս, օրինակ «Oz the Great and Powerful», իսկ ներկայիս կ՛աշխատիմ «Inherent Vice» անունով նոր շարժապատկերի տարազները պատրաստելու, գլխաւոր գործս «Dancing With the Stars» յայտագիրն է, որ երկու շրջան կ՛ըլլայ: Երբ կը վերջանան այդ երկու շրջանները, ժամանակս կը տրամադրեմ հեռատեսիլի տարբեր յայտագիրներու, նաեւ դերասաններու տարազներու պատրաստութեան, անոնք գործով շրջապտոյտի կ՛երթան, օրինակ՝ Pink-ին տարազին վրայ շատ աշխատած եմ, Diana Ross… եւայլն:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Իսկ տարազները դո՞ւք կը գծէք, կը ձեւէք կամ՝ պատրաստ կու գան:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Ասիկա շատ մեծ եւ բծախնդիր գործ է, ամէն մէկ հեռատեսիլի յայտագիր կամ շարժապատկեր իր անհատական ծրագրողն ու հնարիչը ունի, գործերը արդէն որոշուած կ՛ըլլան, տարազի հնարիչը, ձեւողը եւ ուլունքները քննող եւ զատողը տարբեր անձեր են, իսկ ես լրիւ հագուստը կը վերջացնեմ, այսինքն պարզ կտոր մը ամբողջութեամբ կը պատրաստեմ եւ կը վերջացնեմ յայտագիրին համար, ինչպէս շատերը կը տեսնեն «Dancing With the Stars» յայտագիրին մէջ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ընդհանրապէս գործ մը, զոր վերջացուցիր, երբեք պատահա՞ծ է, որ քննադատած կամ սխալներ տեսած են գործիդ մէջ, եւ ի՞նչ արձագանգ ստացած են գործերդ մինչեւ հիմա:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Գործս միշտ մաքուր եղած է, անշուշտ գործը այնքան մեծ է, որ երբ տարազի հնարիչը եւ վերակացուն պատշաճումներ կ՛ընեն, անշուշտ որ մանր սխալներ կ՛ըլլան, սակայն անոնք բաներ չեն, որոնք կրնաս ըսել իմ սխալս է, կրնայ անձին մարմինէն ըլլայ կամ վերջանալէն ետք, չվայլէ անձին: Այս պարզ բաներն են, սակայն ընդհանրապէս միշտ լաւ տեսած են եւ գնահատած:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Այս տեսակի գործ մը շատ մանրակրկիտ է, մանաւանդ որ ուլունքներով է գործը, մօտաւորապէս որքա՞ն ժամանակ կ՛առնէ ամէն մէկ հագուստ կամ տարազ:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Արուեստանոցի գործերը բոլորովին տարբեր են, անձնական տարազի գործի նման չեն, օրինակ «Dancing With the Stars» յայտագիրի հագուստները ձեւուելով, կարուելով, պատշաճեցնելով եւ ուլունքները շարելով, պէտք է չորս օրէն վերջացնենք, այո, երկար կ՛աշխատինք, մօտաւորապէս 70 ժամ կ՛աշխատիմ չորս օրուան մէջ, քանի որ կենդանի յայտագիր է, եւ ժամանակին պատրաստ պէտք է ըլլան տարազները: Օրինակ՝ Կիրակի գիշեր, երբ ես արուեստանոցը ձգեմ, հագուստը պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէն ինչով, բայց երբ շարժապատկերի վրայ կ՛աշխատիս, բոլորովին տարբեր է: Աւելի երկար ժամանակ ունին մինչեւ նկարահանման ժամանակը. կամ ձեւը կը փոխուի, կամ՝ գոյնը, անոնք տարբեր են, բայց հեռատեսիլի եւ արուեստանոցի մէջ, տարազի գործը բոլորովին տարբեր է:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ընդհանրապէս քանի՞ տեսակի քարեր կ՛օգտագործէք ձեր աշխատանքներուն համար:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Բիւրեղեայ են մեր գործածած քարերը, անշուշտ չափերը կան, մենք սոսինձով կը փակցնենք, բայց որոշ մասը, մանաւանդ մեծերը, բացարձակապէս չենք կրնար փակցնել, իրաւունք չ՛ունինք փակցնելու, քանի որ պարած ժամանակ, քարերը կրնան թափիլ ծանրութեան պատճառով եւ յանկարծ վրան կոխելով՝ կրնան սահիլ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Իբր հայ, երբեւէ տարօրինակ թուացա՞ծ է, որ ձեր գործը օտար շրջանակներու մէջ է:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Ոչ, երբե՛ք, ես միշտ ալ հանգիստ զգացած եմ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Երբեւէ ցեղապաշտութեան հարցեր եղա՞ծ են գործի ընթացքին:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Երբեք, հակառակը, միշտ կը գնահատեն, որ հայերը աշխատասէր, լաւ աշխատող, եւ ճաշակաւոր են, օրինակ «Dancing With the Stars» յայտագրի պատասխանատուն ոչ մէկուն կ՛ըսէ, որ ըստ իրենց ճաշակին ընեն գործը, եթէ ինք սիրեց, կը համաձայնի, բացի ինձմէ. կը վստահի թէ՛ ճաշակիս եւ թէ մաքուր աշխատանքիս, միշտ կ՛ըսէ, որ մենք՝ հայերս տարբեր ենք գործի եւ ճաշակի մէջ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Գործդ հապճեպ է, պէտք է ժամանակին հասցնես, պէտք է կատարեալը ընես, որովհետեւ հանրութեան առջեւ պիտի ցուցադրուի եւ այդ դիւրին չէ երբեք. անձնական կեանքէդ, ըլլա՛յ ընտանեկան, ըլլա՛յ ընկերային, որքա՞ն ժամանակ խլած է:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Եթէ ուզես, ժամանակ տրամադրելու առիթը կը գտնես, ես չեմ կրնար ըսել, որ ժամանակս լրիւ տրամադրած եմ աշխատանքիս, ես ամուսնացած չեմ, եթէ ամուսնացած ըլլայի աւելի դժուար պիտի ըլլար, քանի որ երկար ժամեր կ՛աշխատիմ եւ հակառակ օրական 12 ժամ աշխատելուս՝ միշտ ալ ինքզինքիս առիթը տուած եմ ընտանիքիս եւ ընկերներուս հետ ժամանակ անցընելու:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ի հարկէ, երազանքներ ալ ունիք, որ օր մը կրնաք դուք ձեր անձնական գործը ընել:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Այո, ունիմ այդ երազանքները:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Վստահ եմ, որ ձեր գործին մէջ դուք ծանօթացած էք հանրածանօթ դերասան-դերասանուհիներու, չեմ ալ գիտեր եթէ ծանօթացած էք նաեւ երգիչներու, կրնայ ըլլալ, որ անոնք բեմերու եւ անհատական կեանքի մէջ լրիւ տարբեր անհատականութիւններ ունենան, ընդհանրապէս, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները իրենց մասին:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Երբ արուեստանոց եկած են տարազի պատշաճութեան կամ իրենց դերի փորձերուն համար, կրնամ ըսել որ չափէն աւելի հեզ են, գիտեն գնահատել, օրինակի համար՝ քանի մը անգամ նախկին դատախազ եւ ներկայիս օրինական հարցերու մեկնաբանող CNN-ի յայտնի դէմքերէն Nancy Grace-ի տարազներուն վրայ աշխատեցայ. նախ ըսեմ, որ ազնիւ բնաւորութիւն ունէր, միշտ գնահատանքով կ՛արտայայտուէր հայերու տաղանդներուն մասին, Pamela Anderson, Harrison Ford, Kristie Alley, Michael Buble, Jesse Katsopolis նոյնպէս, միշտ գնահատանքով կը խօսէին հայերու մասին:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Երբ տարազի մը գործը կ՛աւարտէք եւ անիկա կը ցուցադրուի հեռատեսիլի վրայ, անձամբ դուք բաւարարուած կը զգա՞ք ձեր աշխատանքի արդիւնքէն կամ ձեր աշխատանքին վրայ կը տեսնէ՞ք թերութիւններ:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Կատարեալի հասցնելու եռանդով կ՛աշխատիմ ամէն մէկ հագուստի կամ տարազի վրայ եւ փառք Աստուծոյ, միշտ լաւ եղած են աշխատանքներս, այդ մէկը գիտեմ, քանի որ նախքան որեւէ յայտագիր, լրիւ օր մը կը տրամադրուի փորձերու, եւ այդ օրերուն միշտ ալ արժանացած եմ գնահատանքներու:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Իսկ ընտանեկան անմիջական պարագաներդ, որքանո՞վ կը քաջալերեն քեզ այս գործին մէջ:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Շա՜տ կը քաջալերեն, ուրախ եւ հպարտ են ինձմով եւ գործովս, ես ալ հպարտ եմ գործովս, գործս շատ կը սիրեմ, ամէն ձեւով տարբեր մթնոլորտ է՝ թէ՛ նիւթական, թէ՛ անձնական, թէ՛ ապագայի իմաստով:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Խրատական չըսեմ, այլ քաջալերական ի՞նչ խօսք ունիք այն անձերուն, որոնք իրենց գործի ասպարէզին մէջ ունեցած են ձիրքը եւ երազանքը, սակայն, իբրեւ հայ, ձեր նման քաջութիւնը չեն ունեցած նետուելու օտար շրջանակի մէջ եւ հետապնդելու իրենց երազանքները:
ՍԱԼԲԻ ԴԱՐԻՆԵԱՆ.- Հետապնդելով միայն կրնաս իրականացնել երազանքներդ, ես անոնց պիտի քաջալերէի, որ չվախնան, հետապնդեն, եւ ես կը վստահեցնեմ, թէ կեանքը իրենց համար պիտի փոխուի եւ իրենց ասպարէզի ճանապարհը պիտի զարդարուի լուսատու լապտերներով: