
ՔԷՅՓ ԹԱՈՒՆ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ աշխարհի տարածքէն ցաւակցական արտայայտութիւններու ալիք մը կ՛ողողէր Հարաւային Ափրիկէն՝ անոր առաջին սեւամորթ նախագահ Նելսոն Մանտելայի մահուան առիթով, որ պատահած էր Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, երկրին կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ տասնօրեայ սուգով պիտի յարգէ տասնամեակներով խտրականութեան դէմ պայքարած եւ երկրին հայրը նկատուող այդ ղեկավարին յիշատակը:
95ամեայ Մանտելայի մահուան առիթով ցաւակցութիւններ յայտնեցին բազմաթիւ երկիրներու եւ կազմակերպութեանց ղեկավարներ՝ սկսելով ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարէն ու հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ նշեց, թէ Մանտելայի պայքարը եւ բանտէն նախագահական պալատ կտրած անոր ճամբան զինք արդարութեան համար պայքարելու եւ քաղաքական կեանք մղելու ուժերէն եղած են:
Մանտելայի յիշատակին նուիրուած առաջին ձեռնարկներէն մէկը տեղի ունեցաւ Քէյփ Թաունի մէջ, ուր Հարաւային Ափրիկէի սպիտակամորթ կառավարութեան ցեղապաշտ քաղաքականութեան դէմ պայքարին մէջ Մանտելայի «զինակից»ներէն մէկը՝ Տեզմոնտ արք. Թութուն, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Մանտելան շնորհած էր Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդին:
Խտրականութեան դէմ իր խաղաղ պայքարին համար 27 տարի բանտարկուելէ ետք, Մանտելա ազատ արձակուած էր միջազգային ճնշումներուն շնորհիւ, կրցած էր ազատ ընտրութիւններ պարտադրել եւ անոնցմով նախագահ ընտրուած էր 1994ին:
1993ին ան ստացած էր Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակ: