«Բայց Մենք Հո՛ս Ենք՝ Սուրիահայ Ազգակիցներ». Կ՛ըսէ Ատենապետը
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ամփոփ ձեւով խնդրեմ ներկայացուցէք ցարդ տարած ձեր աշխատանքը՝ հանգանակային եւ քարոզչական:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Սուրիական տագնապի շարունակուող մագլցումին զուգահեռ, սուրիահայութեան կենսունակութիւնը արդէն 2012ի ամրան մուտքին, ստացաւ իր գլխաւոր հարուածը, երբ ընդդիմադիր հրոսակախումբեր Հալէպ խուժեցին՝ իրենց հետ բերելով քանդումի, կործանումի եւ մահուան սարսափն ու սպառնալիքը: Սփիւռքահայ մայր գաղութը ցնցումի մէջ էր: Ականատես Սփիւռքը ձեռնածալ չէր կրնար մնալ, որուն որպէս հետեւանք, Օգոստոս 2012ին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքին, հաւատարիմ իրենց պատասխանատուութեան ոգիին եւ գիտակից իր ազգային պարտաւորութեան, առաջնորդուած միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութենէն, ազգային գլխաւոր կառոյցները ի մի գալով, ծնունդ տուին Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ մարմինին:
Ինչպէս վերջերս մամուլով հրատարակուած իր միամեայ աշխատանքային զեկոյցով մանրամասնած էր, Միացեալ մարմինը, գլխաւորաբար, Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած իր երկու HyeAID երգահանդէսներով, Կլենտէյլի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Թորընսի, Փասատինայի, Լաս Վեկասի եւ այլուր կազմակերպած ձեռնարկներով, բազմաթիւ ազնիւ հայորդիներու անհատական նախաձեռնութիւն եղող հաւաքոյթներով եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած ու հեռատեսիլի միջոցաւ հրապարակած իր կոչերով, կարողացաւ հանգանակել մօտ 700,000 տոլար: Ցարդ, այդ գումարէն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցաւ, Միացեալ մարմինը սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ Վերականգնումի միացեալ մարմինին փոխանցած է 665,000 տոլար:
Հանգանակութեան աշխատանքներու առընթեր, Միացեալ մարմինը գիտակից իր դերին եւ մղուած ժողովրդային զանգուածները սուրիահայութեան տագնապին ծանօթացնելու անհրաժեշտութեան, իր մամլոյ հաղորդագրութիւններով, մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներով եւ հեռատեսիլային հարցազրոյցներով կատարեց իրմէ ակնկալուած քարոզչական հարկ եղած աշխատանքը:
Քարոզչական աշխատանքի ոլորտին մէջ, Միացեալ մարմինը բազմիցս մօտեցաւ գաղութիս մէջ ապրող եւ գործող մտաւորական փաղանգին, խնդրելով անոր աջակցութեան արտայայտութիւնը եւ հրապարակային արձագանգը՝ տագնապի ահաւորութեան եւ զօրակցութեան անհրաժեշտութեան առնչութեամբ: Այսօր, այս առիթը գուցէ, յարմար բեմ մըն է հրապարակային երախտիք յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք մնացին պատնէշի վրայ եւ սիրայօժար ոգիով, մարդկային ամենավեհ զգացումներով եւ անխախտ յանձնառութեամբ կատարեցին իրենց ճիտին պարտքը: Նոյն ատէն, արթնութեան կոչ մը կամ պարզ յիշեցում մը թերեւս, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ կամ ազգային ցաւերով տագնապող բոլոր մեր գրչեղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք տակաւին պատեհութիւնը կամ մղումը չունեցան արտայայտուելու, թէ սուրիահայ մայր գաղութի տագնապը կը շարունակէ իր մագլցումը, անհրաժեշտ դարձնելով բոլորին զօրակցութեան անդադրում աղաղակը, գիտակցելով, թէ վաղը ուշ կրնայ ըլլալ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Սուրիական ճգնաժամին աւարտը տակաւին չ՛երեւիր: Նման երկարատեւ հակամարտութեանց ընթացքին ամէնօրեայ կորուստներու եւ աւերուածութեան լուրերը սովորական ըլլալու վտանգը կը սպառնան՝ հանրութեան մէջ նուազեցնելով տագնապի զգացողութիւնը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք մեր համայնքին մէջ սուրիահայութեան ցաւերուն հանդէպ առկայ մթնոլորտը:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Սուրիական ճգնաժամը տակաւին բուռն կերպով կը շարունակուի, ամէն օր նորանոր զոհեր խլելով երկիրի անմեղ բնակչութենէն եւ սուրիահայ մեր գաղութի զաւակներէն: Դժբախտ իրականութիւն է, թէ մարդ արարածը իր ամէնօրեայ տաղտուկին եւ հոգերուն մէջ մոռացութեան տայ անտեսանելի եւ հեռաւոր ազգակիցին ցաւը, որքան ալ հարազատօրէն «ազգային աղէտ» նկատած ըլլայ զայն:
Այս բոլորը կը պարտաւորեցնեն մեզ ըլլալու աւելի արթուն, աւելի զգաստ եւ աւելի պարտաճանաչ, շարունակ հնչեցնելու համար կացութեան ահաւորութեան իրականութիւնը, զանգուածային լրատուութեան բոլոր միջոցներով, հրաւիրելով հայ մամուլն ու հեռատեսիլը, որ դառնան տագնապի հայելին եւ փրկութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտ կոչերու խօսնակը:
Ահա այս անհրաժեշտութեան հրամայականէն բխած, կոչ կ՛ուղղէինք վերը, մեր գաղութի լուսամիտ առաջնորդութեան, որ միանայ մեզի՝ շարունակաբար զգօն պահելու ժողովրդային զանգուածները, տագնապին եւ մեր անպարագիծ զօրակցութեան պահանջքին առնչութեամբ:
Պէտք է անդրադառնալ, թէ Միացեալ մարմինը ինքնուրոյն, անկախ եւ կառոյցներու տէր մարմին մը չէ, այլ ներկայացուցչական հանգամանքով՝ կամաւորներու խմբակ մը՝ նուիրուած տագնապահար սուրիահայութեան ամէնօրեայ ցաւը մեղմացնելու, կանգուն պահելով մայր գաղութը մինչեւ խաղաղութեան իրականացում: Ուստի, պարտաւորուած է ակնկալելու բոլորէն, որ տրամադրեն իրենց միջոցները, սատարելու համար հարկ եղած աշխատանքներու հոլովոյթին՝ վանելու համար տագնապի զգացողութեան նուազումին վտանգը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այսօր սուրիահայութիւնը թէ՛ իբրեւ համայնք եւ թէ իբրեւ անհատներ, դիմանալու, ապահովութեան ու տարրական կարիքներու հասնելու կռիւ կը տանի: Կրնա՞ք մեզի յստակ պատկերացում տալ, թէ իբրեւ օգնութիւն ուղարկուած գումարներուն ո՞ր համեմատութիւնը կը յատկացուի համայնքային կառոյցներու (դպրոց, ծերանոց, եւ այլն) պահպանման եւ ո՞ր մասը՝ ուղղակի մարդոց ամէնօրեայ սնունդի խնդիրներու լուծման:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Ճշգրիտ տոկոսները չունինք այդ բաժանումներուն: Բայց մեզի տրամադրուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ եւ առ ի տեղեկութիւն մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն, կրնանք հետեւեալը պարզել:
Սփիւռքի զանազան անկիւններէ բխած նիւթական օժանդակութիւնները Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինին կողմէ կը գործածուին հետեւեալ 5 բնագաւառներէ ներս.
ա. Կենցաղային.- Կ՛ընդգրկէ սննդեղէնի մատակարարումը 3500 հայ ընտանիքներու, միամսեայ կամ երկամսեայ դրութեամբ: Երկիրի պատերազմական երկամեայ պայմաններու որպէս արդիւնք ստեղծուած անբնական սղաճի, ապրանքի չգոյութեան եւ լայնատարած անգործութեան տագնապալի ցաւերուն եւ տառապանքին՝ թեթեւ բալասան մը արդարեւ:
բ.- Առողջապահական.- Կ՛ընդգրկէ վիրաւորներու եւ հիւանդներու դեղօրայքի բաշխման եւ բժշկական հոգատարութեան ծառայութիւնները:
գ.- Ապահովական.- Յարմար է թողուլ այս բնագաւառի անհրաժեշտութեան մտասեւերումը ընթերցողի հայեցողութեան:
դ.- Բնակարանային.- Հրթիռաձգութեան, պայթումներու եւ ռմբակոծումներու որպէս արդիւնք կիսաքանդ բնակարաններու նորոգութիւն՝ ճակատումի շրջաններէն հեռու եւ աւելի ապահով բնակուած վայրերու մէջ:
է.- Կրթական.- Հակառակ երկիրի դաժան պայմաններուն, գաղութի ղեկավարութիւնը՝ գիտակից ուսանողներու կրթական կարիքներուն եւ հետամուտ՝ կարելիութեան սահմաններու մէջ անոնց բնականոն կեանքի մը հոլովոյթը ստեղծելու հրամայականին, կեդրոնացած ձեւով եւ զոհողութիւններու գնով կը ջանայ ապահովել կրթական կարիքներու համար պէտք եղած յատկացումները: Առ այդ, գոնէ այս մարզին մէջ գիտենք, թէ առանց խտրականութեան եւ կրթաթոշակի համեմատութեամբ, Շտապ օգնութեան Միացեալ մարմինը 2012-2013 տարեշրջանին, 6436 ուսանող պատսպարող 38 հայկական վարժարաններու յատկացուցած է 500,000 տոլար:
Ահա՛ թէ ուր կը գործածուին մեր ժողովուրդի սիրայօժար կամքով յատկացուած նուիրատուութիւնները, յոյս ներշնչելով վիրաւոր գաղութի զանգուածներուն եւ ամրացնելով անոնց տոկալու եւ պայքարելու անկոտրում կամքը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Յուսալով, որ այս տագնապն ալ պիտի յաղթահարենք ու Սուրիոյ մէջ մեր համայնքը պիտի վերականգնի՝ ձեր գլխաւորած հիմնադրամը այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանք կը տանի՞:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Սուրիահայ մայր գաղութը հակառակ ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալուն՝ քայքայուած չէ: Անոր բաղկացուցիչ որդիներէն ոմանք կայք հաստատած են Լիբանան կամ Հայաստան, ուր կը վայելեն տեղական բարեացակամ պայմաններ: Կ՛ակնկալուի, որ խաղաղութեան առաջին կանչին անոնցմէ ոմանք վերադառնան Սուրիական հայրենիք՝ շարունակելու համար գաղութի կենսունակ կեանքը:
Սակայն նկատի ունենալով ֆիզիքական վնասը, ազգապատկան կառոյցներու քանդումը, երկիրի ենթակառոյցներու աղէտալի վիճակը եւ անոր դաժան ազդեցութիւնը կենցաղային մակարդակներու վրայ, դժուար չէ եզրակացնել, թէ յաջորդ գլխաւոր վերակենդանացումի ուղին եւ փրկուած զանգուածներու կենսունակութեան հրամայականը պիտի կայանայ միայն ու միայն վերականգնումի հսկայ ծրագիրի ֆինանսաւորումով, որուն մասնակից պէտք է դառնայ ազգը ամբողջ, համահայկական կեդրոնացած աշխատանքով:
Ժամանակացոյց չունինք, թէեւ «Ժընեւ 2»ը կը մղէ մեզ լաւատեսութիւն երազելու:
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը հայ ժողովուրդի համայն զաւակներուն ծառայելու կոչուած ազնուագոյն արտայայտութիւնն էր յետանկախութիւն մեր արդի պատմութեան մէջ:
Վերջին երկու տարիներուն սակայն, ՀՀՀի հոգաբարձուներու խորհուրդի յատկացուցած անբաւարար ուշադրութիւնը՝ նպաստելու չնախատեսուած կերպով տագնապող սուրիաբնակ սուրիահայութեան, հարցման տակ կը դնէ անոր առաքելութեան հանդէպ ցուցաբերուած հաւատարմութիւնը:
Այս իրադարձութեան լոյսին տակ, SARF-ի Գործադիր մարմինը սաղմնային հանգրուանով մը, կ՛ուսումնասիրէ սուրիաբնակ սուրիահայութեան նուիրուած իւրայատուկ թելեթոնի մը իրագործումը 2014ի ընթացքին եւ ըստ այնմ, կը խորհրդակցի SARF-ի հիմնադիր կազմակերպութիւններու ղեկավարութեանց հետ, որոնք բոլորն ալ նոյն ժամանակ, նաեւ ներկայացուած են ՀՀՀի հոգաբարձութեան կեդրոնական կազմին մէջ: Ժամանակի ընթացքին եւ առնուած որոշումներու լոյսին տակ, հայ ժողովուրդը կը տեղեկացուի այս առնչութեամբ:
Կրկնութեան գնով կ՛արժէ այստեղ անգամ մը եւս հաստատել, թէ գիտակից ըլլալով հանդերձ մեր ազգային բոլոր խնդիրներու հանդէպ մեր ունեցած անքակտելի պարտաւորութիւններուն՝ Արցախ, æաւախք, Հայ Դատ եւ Հայաստան, այսօր մեր ամենատագնապալի, առաջնահերթ գերխնդիրը կը հանդիսանայ սուրիահայութեան մղձաւանջը: Արեւի լոյսին նմանող այս ճշմարտութիւնը հաստատողը SARF-ի Գործադիր մարմինը չէ միայն: Զայն ամէն առիթով հաստատողներն են մեր եկեղեցական գերագոյն առաջնորդները, հայրենի վերնախաւի իշխանաւորները, կուսակցական բարձրագոյն ղեկավարները եւ յետեղեռնեան զարթօնքի ջահակիր՝ սուրիահայ գաղութի կոտտացող ցաւով տառապող ամենախոնարհ զաւակները հայ ժողովուրդի: Այս գիտակցութիւնը միայն գիտնալ եւ զայն արտայայտելը բաւարար չէ: Պէտք է ապրիլ զայն եւ ըստ այնմ՝ ծրագրել եւ գործել:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մեր ժողովուրդին մէջ տարածուած է անմիաբան ազգ ըլլալու կարծիքը: Ձեր գլխաւորած հիմնադրամը մէկն է այն սակաւաթիւ պարագաներէն, երբ միացած են բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք իրարու հետ աշխատելու փորձ կամ տրամադրութիւն չեն ունեցած: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր հիմնադրամէն ներս տիրող մթնոլորտը, համագործակցութեան ոգին: Կազմակերպական որեւէ դժուարութեան հանդիպա՞ծ էք ձեր գործունէութեան ընթացքին:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Պէտք է բարձրաձայն աղաղակել, թէ SARF-ի Գործադիր մարմինին մէջ տիրող գործակցութեան նախանձելի մթնոլորտը վերջին 16 ամիսներու ընթացքին օրինակելի էր: Նպատակի հաւատքով զինուած, մարդկային ազնուագոյն հոգիի դրսեւորումով եւ աստուածային պատգամի մը հնազանդ՝ անանձնական նուիրումով, կամաւոր զինուորագրեալներու խումբ մը իրագործեց այն, ինչ որ ամէն անդամի գերագոյն կարողութիւնները թոյլատրեցին: Ցաւը, մորմոքը եւ կսկիծը կը սպիացնեն տարակարծութիւնները, կը հալեցնեն անհաշտ տրամադրութիւնները եւ կ՛ամրապնդեն եւ կ՛ապահովեն ամենասերտ գործակցութիւնը: Այսքանը կազմին մասին:
Գալով ներկայացուած կազմակերպութիւններու դերին՝ պէտք է հաստատել, թէ բարոյական զօրակցութիւնը գերազանց էր: Սակայն տրուած ըլլալով, որ ներկայացուած կազմակերպութիւններէն ոմանք իրենց բնական ծրագիրներով նոյնանման առաքելութեան կոչուած են, հարկ է խոստովանիլ, թէ նիւթական օժանդակութեան դաշտին մէջ բոլորին տարած աշխատանքը անհաւասար էր:
Բայց եւ այնպէս, միասնականութեան ոգին յաղթական է եւ յոյժ կարեւոր՝ նման համահայկական առաքելութեան մը յաջողութեան:
Վերջապէս հաստատում մըն ալ՝ առանց հարցումի. այսօր, հայ աշխարհը Սպիտակի ահաւոր երկրաշարժին 25ամեակը կ՛ապրի: Կրկին դառն օրեր էին համայն հայութեան համար, որ մէկ անձի նման ոտքի կանգնելով՝ իր լաւագոյնը ըրաւ թեթեւցնելու բնութեան զայրոյթին պատճառաւ, հայրենի ժողովուրդին պարտադրաբար խմցուած դառն բաժակի ցասումը:
Եւ միտքս ինկաւ, թէ այդ օրերու Սուրիական հանրապետութիւնը իր նախագահ Հաֆէզ Ասատի գլխաւորութեամբ, կիսեց հայ ժողովուրդին ցաւը, երկիրին մէջ պարտադրուած հարկի մը միջոցաւ, որ ուղղակիօրէն յատկացուած էր Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն: Եւ սուրիահայութեան կողմէ եւ կողքին, պետական բազմաթիւ օդանաւային թռիչքներու միջոցաւ, հսկայական տարողութեամբ օժանդակութեան ձեռք երկարեցաւ հայրենաբնակ աղէտեալներուն:
Այսօր դերերը շրջուած են: Այսօր աղէտեալը Սուրիան եւ սուրիահայն է: Այս տօնական օրերուն, թող մեր ուրախ տրամադրութիւնները ամբողջանան միայն այն ատէն, երբ կարենանք զոհողութեան գնով իսկ, յատկացուած լումայի մը ներդրումով՝ տոկալու, դիմադրելու եւ դիմանալու յոյս ներշնչել եւ անկոտրում կամքով մը աղաղակել. «Բայց մենք հո՛ս ենք՝ սուրիահայ ազգակիցներ»: