ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Նախօրէին բանակում տեղի ունեցած մահացու ելքով միջադէպը միջանձնային յարաբերութիւնների խախտման արդիւնքում ծագած վէճի հետեւանք է», յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ 12 Դեկտեմբերին Ազգային ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովին մէջ կազմակերպուած «Մարդու իրաւունքները զինուած ուժերում» նիւթով զեկուցման ընթացքին։
Նախարարին համաձայն՝ եթէ զինուորները ատենին հրամանատարին զեկուցէին, որ զինուորներուն միջեւ հարցեր կան, կարելի կ՛ըլլար կանխարգիլել դէպքը: «Իրաւապահ մարմիններն աշխատում են, ընթացքում ամէն ինչ կը բացայայտուի, եւ մենք հասարակութեանը կը տեղեկացնենք», դիտել տուած է նախարարը:
Մինչ այդ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ յայտնած էին, որ երկու օր առաջ անձնասպան եղած զինուոր, շարքային Վանիչկա Արամայիսի Յովակիմեանի սպանութեան դէպքին առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ ձերբակալուած է անոր զինակիցը:
Խօսելով ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանի կացութեան մասին՝ նախարարը դիտել տուած է. «Հայկական կողմը շարունակում է գործադրել բոլոր ջանքերը հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանին վերադարձնելու համար: Մենք անում ենք ամէն հնարաւորը, որպէսզի Յակոբը վերադառնայ, եւ ինչպէս խոստացել էի, նրա նկատմամբ քրէական գործ չի յարուցուի»։ Ան նշած է, որ գործընթացը այդքան ալ արագ չի կրնար ըլլալ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.